ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճափոնի կառավարութեան կողմէ յատկացուած դրամաշնորհով, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին տրամադրուեցան 400,000 տոլար արժողութեամբ ձայնային գործիքներ:
Ըստ Հայաստանի մէջ Ճափոնի նորանշանակ դեսպան Եասուօ Սայիթոյի, այս դրամաշնորհը տրամադրուած է մշակութային օժանդակութեան ծիրէն ներս: «Մենք ցանկանում ենք աջակցել Հայաստանում մշակութային կեանքի զարգացմանը, իսկ այս համալիրը մշակութային առաջադէմ կեդրոն է», յայտարարեց դեսպանը՝ կարեւոր համարելով տրամադրուած սարքաւորումներու արդիւնաւէտ օգտագործումը:
Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւս կարեւոր համարեց այս ծրագիրը՝ նշելով, որ ան կ’առնչուի մշակութային մեծ կեդրոններու արհեստագիտական աջակցութեան: Իսկ ինչ կը վերաբերի մարզահամերգային համալիրի՝ մասնաւոր սեփականութիւն ըլլալուն, նախարարը նկատեց, որ կեդրոնի սեփականատիրոջ հետ ունին պայմանագիր, որուն շրջանակներով այստեղ կը կազմակերպուին պետական ձեռնարկներ:
Նշենք, որ այս դրամաշնորհը յատկացուած էր երկու տարի առաջ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ ներկայացուած ծրագիրի հիման վրայ: Վերջին տարիներուն մշակոյթի ոլորտին Ճափոնի կառավարութեան կողմէ տրամադրուած է 3 դրամաշնորհ: Անոնցմէ մէկը տրուած է Մատենադարանին, միւսը՝ Ա. Խաչատրեանի անուան համերգասարահին, վերջինը՝ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնի դահլիճի արհեստագիտական արդիականացման նպատակին: