ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի խորհրդարանը Մայիս 18ին բազմազբաղ ըլլալու հետեւանքով յետաձգած էր քուէարկութիւնը այն օրէնքին, որ պատիժ կը սահմանէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն։
Յետաձգուած օրինագիծը ընկերվարական երեսփոխաններու առաջարկով դարձեալ օրակարգի պիտի բերուի Հոկտեմբեր 12ին։
Ընկերվարականները փափաքած են, որ օրինագիծին քննարկումը շարունակուի նախապէս ընդհատուած կէտէն։
Օրինագիծը մինչեւ մէկ տարի բանտարկութեան պատիժ կը սահմանէ բոլոր անոնց, որոնք կը պնդեն, թէ 1915ի պատահարները ցեղասպանութիւն չեն։
Քաղաքական դէտերու համաձայն, այս անգամ օրէնքը շատ հաւանաբար վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ։