ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 28ի իր արտահերթ նիստին, Ազգային ժողովը 2րդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան հեղինակած՝ նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին գործող օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու առնչուող օրինագիծը:
Ըստ ընդունուած փոփոխութիւններուն, 2007ի Յունուար 1էն սկսեալ, ամսական նուազագոյն աշխատավարձը կը սահմանուի 20,000 դրամ (մօտ 52.6 տոլար)՝ այժմ գործող 15,000 դրամի փոխարէն: Պիտի բարձրացուի նաեւ ժամականով վարձատրուողներու նուազագոյն ժամականը:
Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեանի, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացումը 505 միլիոն դրամ տարողութիւն ունի, որ արդէն նախատեսուած է 2007ի ամավարկի նախագիծով: Յիշեալ փոփոխութենէն պիտի օգտուին 7500 պետական պաշտօնեաներ: