ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան եւ Ատրպէյճան այժմ կարելիութիւն ունին յառաջ ընթանալու յարաբերութիւններու լուծման գործընթացին մէջ, ըստ «Թասս» լրատու գործակալութեան, վերեւի միտքը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Քարըն Տենֆրիտ, կը փոխանցէ «Արմէնփրէս»ը:
«Կը հաւատամ, որ այժմ իսկական յոյս կայ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար կայ հնարաւորութիւն յառաջ ընթանալու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու առումով», յայտնեց Տենֆրիտ ՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն մէջ ալ կարեւոր քայլերը տեսանելի են։