ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային վարպետ Սիրանուշ Անդրէասեան այսօր արագ ճատրակի երկու լրացուցիչ մրցումներուն 2:0 արդիւնքով յաղթելով Լիանա Աղաբէկեանին, կրկին նուաճեց Հայաստանի ախոյեանի կոչումը:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 24ին աւարտած իգական սեռի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան մրցաշարքին 2 ճատրակիստուհիներ՝ Ս. Անդրէասեանը եւ Լ. Աղաբէկեանը, հաւաքելով 7ական կէտ՝ կիսեցին 1-2րդ տեղերը, ուստի ախոյեանուհին որոշելու համար անոնց միջեւ, ինչպէս եւ նախատեսուած էր մրցաշարի կանոնակարգով, լրացուցիչ մրցամարտ նշանակուեցաւ: