Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Չահակիր» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, թէ Եգիպտոսի մայրաքաղաքի կառավարիչի հրամանագրով, որոշուած է քաղաքի փողոցներէն մէկը անուանակոչել հայ մեծանուն երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի անունով, իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն եգիպտական երգիծանկարչութեան մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին։
Սարուխան մեծ յարգանք կը վայելէր արաբական լրատուական շրջանակներու մօտ եւ երկար տարիներ աշխատակցած է արաբական «Ռոզ էլ Եուսէֆ», «Ախէր Սաա», «Ախպար էլ եոմ» թերթերուն, ստեղծելով «Էլ Մասրի Էֆէնտի» )եգիպտացին) յայտնի կերպարը։ 1973ին, ան իր երգիծանկարներով մասնակցած է Մոնթրէալի միջազգային ցուցահանդէսին, ուր արժանացած է «Երգիծանկարիչներու նահապետ» կոչման։ Ցուցահանդէսներ կազմակերպած է նաեւ Պէյրութի, Հալէպի, Թորոնթոյի, Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Տիթրոյիթի, Փարիզի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ Հեղինակ է կարգ մը գործերու, որոնցմէ պէտք է նշել «Այս պատերազմը», «Մենք՝ մեր ակնոցով», «Մենք հայերէն չենք գիտեր», «Տես խօսքերդ» հատորները։ Պատկերազարդած է Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի» եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ» ստեղծագործութիւնները։
Սարուխան ծնած է 1898ին, Պաթում: Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Պոլիս: Եղեռնէն ետք անցած է Վիեննա, ուր հետեւած է նկարչութեան դասընթացքներու, ապա անցած է Եգիպտոս, ուր եւ ապրեցաւ իր ստեղծագործական բեղուն կեանքը, հոն կնքելով իր մահկանացուն, 1977ին: