Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2006ին, բրիտանացի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք՝ «Միջին Արեւելք. Յարատեւող հակամարտութեանց արմատներն ու իրողութիւնները» թեմային շուրջ բանախօսեց Միշիկընի համալսարանի (Տիրպորն) «Քոչոֆ» սրահին մէջ հաւաքուած խուռներամ բազմութեան մը առջեւ: Այս երեկոյթը մէկ հանգրուանն էր հիւսիսամերիկեան ցամաքամասի երկայնքին Ֆիսքի դասախօսական շրջապտոյտին, որուն ընթացքին ան հանրութեան կը ներկայացնէր իր վերջին՝ The Great War for Civilisation խորագրով հաստափոր գիրքը:
Տիրպորն քաղաք կատարած Ֆիսքի կարճատեւ այցելութիւնն ու սոյն դասախօսութիւնը կը հովանաւորէին նշեալ համալսարանի Հայագիտական հետազօտութեանց ու Արաբ–ամերիկեան ուսմանց կեդրոնները, ինչպէս նաեւ Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Շուրջ 350ի հասնող խանդավառ ներկաները մեծ մասամբ համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ էին, տեղւոյն հայ եւ արաբ համայնքներու անդամներ: Անոնց համար դասախօսութենէն առաջ կազմակերպուած էր կարճ հիւրասիրութիւն:
Օրուան բանախօսը հանրութեան ներկայացուց համալսարանի տնօրէն դոկտ. Տանիէլ Լիթըլ: Վերջինս ուրախութիւն յայտնեց, որ համալսարանը հիւրընկալած է Ֆիսքի տարողութեամբ յաջողակ ու միաժամանակ սրամիտ լրագրող մը: Նախքան դոկտ. Լիթըլի ներածականը, բարի գալուստի խօսքեր ուղղեցին Արաբ–ամերիկեան ուսմանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Ռապապ Ապտուլհատի եւ Հայագիտական հետազօտութեանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան: Վերջինս յստակացուց, թէ ինչո՛ւ Ֆիսքի աշխատութիւնները կարեւոր են ամերիկահայ համայնքին համար:
Ֆիսքը քաղաքական գիտութեանց բնագաւառէն ներս դոկտորի կոչում ստացած է Տապլինի Թրինիթի քոլէճէն: Թէեւ անոր ելոյթը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ, սակայն ներկաները հաճոյքով եւ առանց ձանձրոյթի որեւէ նշոյլի հետեւեցան անոր իւրաքանչիւր խօսքին: Ֆիսքի գլխաւոր միտքը այն էր, որ ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը աննախադէպ չեն: Նմանատիպ եղելութիւններ տեղի ունեցած են անցեալին, եւ այսօրուան դերակատարները յաճախ կը կրկնեն անցեալի սխալները: Ան իր տեսակէտը հիմնաւորելու համար շարք մը օրինակներ մէջբերեց իր վերջին աշխատութենէն: Միաժամանակ, Ֆիսք ընդգծեց, թէ քաղաքական բոլոր գործիչները պէտք է հասկնան, որ պատերազմները առաջին հերթին տառապանք ու մահ կը նշանակեն, ոչ թէ յաղթանակ կամ պարտութիւն:
Ֆիսք անդրադարձաւ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան: Այս մասին ան «Առաջին ողջակիզումը» խորագրով, ամբողջ գլուխ մը յատկացուցած է իր վերջին գիրքին մէջ: Անցած երեսուն տարիներուն Պէյրութ բնակած միջոցին, Ֆիսք հարցազրոյցներ վարած է Ցեղասպանութենէն վերապրած բազմաթիւ հայորդիներու հետ, այցելած է Ցեղասպանութեան թատերաբեմ հանդիսացած շարք մը վայրեր, ներառեալ՝ Տէր Զօր: Ան միաժամանակ բրիտանացի բազմաթիւ անհատներէ ձեռք ձգած է Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող վաւերաթուղթեր: Ֆիսք նշեց, թէ իր գիրքը, ներառեալ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գլուխը, ներկայիս կը թարգմանուի թրքերէնի, եւ գիրքի թարգմանիչն ու հրատարակիչը հաւանաբար դատի կանչուին Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածի հիման վրայ՝ «թրքութիւնը ստորնացնելու» մեղադրանքով: Թէեւ Ֆիսք, իբրեւ Թուրքիայէն դուրս բնակող ոչ–թրքահպատակ անձնաւորութիւն, զերծ է նմանատիպ դատի կանչուելու վտանգէն, ան յայտարարեց, թէ պատրաստ է ի պահանջել հարկին Թուրքիա մեկնելու եւ թրքական դատարանին առջեւ կանգնելու:
Բանախօսը միաժամանակ մեկնաբանեց, թէ արեւմտեան զանգուածային լրատուութեան միջոցները ինչպէ՛ս համաշխարհային եղելութիւնները կը մեկնաբանեն իրենց ունկնդիրներուն՝ թուարկելով օգտագործուող որոշ միջոցներ, որոնք կը միտին անջրպետ գոյացնել ընթերցողին եւ մամլոյ քննարկման առարկայ եղող «այլոց» միջեւ, վերջիններս լուսանցքայնացնելով եւ իբրեւ օրինազանց ներկայացնելով:
Շարունակելով նոյն միտքը, Ֆիսք ընդգծեց, որ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի կառավարութիւնները յաճախ իրական կամ երեւակայական ահաբեկչական արարքները կ’օգտագործեն իրենց քաղաքացիները «այլոց» վախով համակուած պահելու համար, որպէսզի անոնք ենթակայ մնան իրենց կառավարութեան եւ վերջինիս ներկայացուցիչներուն: Ֆիսք խոստովանեցաւ, թէ անցանկալի անձնաւորութիւն դարձած է տարբեր երկիրներու ղեկավար շրջանակներուն. օրինակ, երբ սուրիական զօրքերը Լիբանան կը գտնուէին, սուրիական բանակի հետախուզական բաժնի պետի հրահանգով իր հեռաձայնի գիծը կը գտնուէր մշտական հսկողութեան տակ:
Աւելի ուշ, Ֆիսք ներկաներուն ցուցադրեց Լիբանանի մէջ իր լրագրողական գործունէութեան մասին տեսաերիզ մը: Ան յայտնեց, թէ հաճոյքով կը շարունակէ սոյն մասնագիտութիւնը, որովհետեւ այդպիսով ինքզինք պատմական դէպքերուն կերտման անմիջական ականատեսը կը զգայ: Տեսաերիզի առաջին հատուածը սուրիական զօրքերու Լիբանանէն հեռանալուն մասին էր, երկրորդ մասը՝ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դէմ գործադրուած ոճիրին, որ տեղի ունեցած է այդ միջոցին Ֆիսքի գտնուած վայրէն ընդամէնը քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ: Տեսաերիզի վերջին մասը կը պատմէր 2006ի ամրան Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ ռազմական ընդհարման նախօրեակին դէպի Լիբանանի հարաւը եւ այնտեղ գտնուող ՄԱԿի դէտերու կեդրոն մը Ֆիսքի կատարած մէկ այցելութեան մասին:
Ֆիսք իր բանախօսութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Ճորճ Պուշ կ’ըսէ, թէ 19 ոճրագործներ (11 Սեպտեմբեր 2001ին) վերջնականապէս փոխեցին աշխարհը»: Բայց, ինք՝ Ֆիսք պիտի չարտօնէ, որ Ճորճ Պուշ փոխէ իր աշխարհը, եւ «մենք ալ պէտք չէ թողունք, որ ան փոխէ մեր աշխարհը»:
Բանախօսութեան հետեւած հարց-պատասխանի բաժինը շատ աշխոյժ էր: Դժբախտաբար, բաւարար ժամանակ չկար, որ Ֆիսք պատասխանէր բոլոր հարցերուն:
Երեկոյթի աւարտին, ան ներկաներէն ցանկացողներուն համար մակագրեց իր վերջին ու նախավերջին՝ Pity the Nation գիրքերէն օրինակներ: