ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ նախանցեալ օր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Տէնիզ Պայքալի գրգռիչ մէկ խօսքէն ետք ստեղծուած բանավէճը երկու օրէ ի վեր լայն արձագանգ գտած է թրքական մամուլէն ներս։ Թերթերը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին հրատարակած են այդ վէճին ընթացքին արտասանուած խօսքերու ատենագրութիւնները, դիտել տալով սակայն, որ բազմաթիւ հայհոյանքներ ու նախատինքներ չեն արձանագրուած այդ ատենագրութեանց մէջ։
Փոթորիկը պայթած էր այն ատեն, երբ, խօսք ուղղելով իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններուն, Պայքալ ըսած էր. «Լաչակը մազերը կը գոցէ, բայց ձեր կողակիցներուն ամօթը չի գոցեր»։ Պայքալ յամառեցաւ ետ չառնել այս անվայել նախադասութիւնը ու երկու կողմերու երեսփոխանները եւս ծանր արտայայտութիւններով պոռացին մէկզմէկու հասցէին։ Ամէն մարդ համակարծիք է, որ «ուլան»ով կամ նմանօրինակ բառերով համեմուած հայհոյանքները վնաս կը պատճառեն խորհրդարանի վարկին:
Մէկզմէկու ղրկուած նախատինքներուն մէջ պակաս չէին բառեր, ինչպէս՝ «հայրենադաւ», «անբարոյ», «երկերես», «ուլան, դուն ո՞վ ես», եւայլն։ Ոմանք նոյնիսկ կը պնդէին, թէ այս կառավարութիւնը երկիրը ծախած է թշնամիներուն, «թու՛ անոնց»:
«Սապահ» կը գրէ վերոյիշեալ կռիւէն ետք խորհրդարանի սենեակներէն մէկուն մէջ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի եւ գործակիցներու միջեւ կայացած «մտերմիկ» խօսակցութեան մը լուրը, դիտել տալով, որ այդ խօսակցութեան ընթացքին վարչապետը ցաւ յայտնած է ներսը պատահածին համար: Յիշեցնելով իր նախագահութեան թեկնածու ներկայանալու առթիւ իր անձին շուրջ շրջող շշուկները, ան ըսած է, թէ նախագահ դառնալու մասնաւոր նպատակ չունի, սակայն աւելցուցած է, թէ «ասիկա Աստուծոյ գործն է»:
Վարչապետը այնուհետեւ գանգատած է Պայքալի կեցուածքէն եւ ըսած է, որ ինք արդէն խնդիրներ ունի ամենադժուարին հանրապետութեան նախագահին հետ, իսկ Պայքալ նորանոր հարցեր ստեղծելով երկրին վնաս կը պատճառէ, սակարանները անկում կը կրեն, եւայլն։
Այդ միջոցին ներս մտած են քանի մը ընդդիմադիր երեսփոխաններ, որոնք փորձած են Էրտողանը հանդարտեցնել, պնդելով, որ Պայքալի ակնարկութիւնը վարչապետի կնոջ ուղղուած չէր, այլ ընդհանուր խօսք էր եւ այդ խօսքը սխալ հասկցուած է։ Էրտողան պատասխանած է, թէ կը ցաւի այս բոլորին համար։