Monday, June 27, 2022
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
NEWSLETTER
June 25, 2022 PDF
ENG
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
ENG
No Result
View All Result
Home Գլխաւոր Լուրեր

ՅՈՒՇԵՐ. Ռազմիկ Դաւոյեան՝ Մտքի Յանձնառու Մարտիկը

by Asbarez Staff
June 13, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հարցազրոյց, Յօդուածներ
0

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Սիրելի ընթերցող,

Վ. Խտըշեան, Ռ. Դաւոյեան, Մ. Հերկելեան եւ Ռ. Յովսէփեան Գորիսի եւ Սիսեանի «Ռայկոմ»ի քարտուղարներուն հետ՝ Տաթեւի վանքին բակը, 1979ին

Հակառակ անոր, որ Ռազմիկը աւելի քան ընկեր էր ինծի համար, ցարդ առիթ չեմ ունեցած իր մասին գրելու: Ամէն բանէ առաջ գաղափարի գործընկերներ էինք: Սակայն սխալ չհասկցուելու համար, տեղեկացնեմ, որ Ռազմիկին ոչ միայն «Բագին» կը տրամադրէի, այլեւ իր հետ այնպիսի գերգաղտնի գործեր ըրած ենք, որ եթէ բռնուէինք (յատկապէս մէկի պարագային, որուն Ռաֆայէլ Իշխանեանը եւս մասնակից էր), Աստուած գիտէ, թէ ի՞նչ կ՛ըլլար մեր ճակատագիրը…. Մանաւանդ որ ան ծաղկաձորեան ամէնամեայ «Թարգմանչաց Տօներ»ու հաւատարիմ մասնակիցներէն էր: Այո, հակառակ անոր, որ իր հանդէպ որոշ «վերապահութիւններ» կային, մեր մտերմութիւնը փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած էր…:

ԵՐԵՒԱՆ, 1974, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Հօրաքրոջս տղան՝ Յակոբ Ճանպազեանը եկած էր հայրենիք, ոչ միայն տեսարժան վայրեր այցելելու, այլ նաեւ ծանօթանալու կարգ մը գրողներու ու արուեստագէտներու հետ: Առաջին հերթին զինք տարի Ռազմիկ Դաւոյեանին մօտ: Ներկայ էին նաեւ Յակոբ Յակոբեանն ու իր կողակիցը՝ Մարին: Ռազմիկին կողակիցը՝ Յասմիկը, այդ բարեհամբոյր տիկինը, որ իր բացառիկ ասպնջականութեամբ մեր բոլորին համակրանքն ու յարգանքը շահած էր, ինչպէս միշտ՝ մեզ ընդունեց ամենայն բացսրտութեամբ ու ջերմութեամբ…: Ռազմիկն ու Յակոբեանը իրենց հերթին, Յակոբին ընդունեցին հարազատի մը նման ու սկսան հարցեր տալ իրեն գանատահայ գաղութի վերաբերեալ: Երբ արդէն ջերմ ու հարազատ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, Ռազմիկը գրասենեակ մտաւ գիրք մը բերելու եւ նուիրելու համար Յակոբին: Ես «դիտաւորեալ» առաջնորդեցի զինք եւս ներս, ուր Ռազմիկը նստած կը մակագրէր: Յանկարծ՝ Յակոբը անակնկալօրէն ետ քաշուեցաւ եւ ուղղակի գոռաց.

– Օ՜, Եռագո՞յն, հո՞ս, Դաւոյեանի գրասեղանի՞ն:

Ռազմիկը վարժ էր նման արտայայտութիւններու: Ան հպարտ՝ իր Եռագոյնով: Ոտքի ելաւ, մտերմաբար ժպտաց, գիրքը յանձնեց Յակոբին ու անոնք ողջագուրուեցան, զիրար նոր գտած գաղափարակից ընկերներու նման, որոնց բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ մինչե՜ւ վերջերս, երբ Ռազմիկը առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ:

Իմ գաղափարակից ընթերցող,

Այո, խորդային օրերուն Եռագոյն տեսնելը հայրենիքի մէջ, առաջին անգամ Արարատը տեսած ըլլալու նման, խորհուրդ ու ազգային ներուժ կը պարունակէր իր մէջ: Գրեթէ նոյն արտայայտութիւնը ունեցած էին մեր ընկերներէն շատեր, ինչպէս Ժան ֆարրան, Մարտիկ Պոյաճեանն ու Պօղոս Գասապեանը, երբ առաջին անգամ Վարուժան Խտըշեանի հետ տարի զիրենք Ռազմիկի մօտ:

Այն ատեն այդպէս էր Ռազմիկը: Իսկ այս առիթով, «հետագայ»ի մասին անդրադառնալը պատշաճ պիտի չըլլար…: Անցնինք:

Ռազմիկի ու Յակոբեանի բնակած նոյն շէնքին՝ երրորդ յարկը կ՛ապրէր նաեւ արժանաւոր այլ հայորդի մը՝ Վահէ Օսկանեանը: Ռազմիկը, առանց Յակոբին կարծիքը առնելու, հեռաձայնեց Վահէին հրաւիրեց ու սկիզբէն տեղեկացուց.

– Վահէ ջան, Մովսէսին գանատահայ մէկ ազգականը էստեղ է եւ շատ է ուզում հանդիպել քո հետ:

Յակոբը երբ լսեց, որ առանց իր կարծիքը առնելու, Ռազմիկը իր անունով մէկու մը կը հրաւիրէ, զարմացած՝ մեր Մուսա լերան բարբառով հարցուց.

– Է՞, ուվ ի, իս գիտէ՞յմզը: (Ո՞վ է, ես կը ճանչնա՞մ զինք):

Շատ չանցած Վահէն վար իջաւ: Երբ Յակոբը իմացաւ, որ ո՞վ է ան, յուզումնալից խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ…:

Այո, Վահէ Օսկանեանը ոեւէ մէկը չէր… իրականութեան մէջ «Օսկանեան» ալ չէր: Ան Հարաւսլավիոյ Պելկրատի աստղադիտարանի տնօրէնն էր, երբ 1964ին Վիքթոր Համբարձումեանը, միջազգային գիտաժողովի մը ընթացքին կը հանդիպի անոր ու կը հրաւիրէ հայրենիք…:

Իմ համբերատար ընթերցող,

Հարկաւոր է յատուկ արժեւորել ու գնահատել այս ազգանուէր ու ազնուասիրտ Հայը, ոչ միայն անոր համար, որ ան Սողոմոն Թէհլիրեանի հօրեղբօր հարազատ թոռն էր, այլ յատկապէս անոր համար, որ ան, անսալով Վ. Համբարձումեանի հրաւէրին, նախ՝ զգուշութեան համար կամովին կը հրաժարի իր պապենական Թէհլիրեան ազգանունէն, ապա լքելէ ետք փառք, հանգստաւէտ կեանք ու ամէն ինչ, 1966ին ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան, ուր կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ… ցմահ, թէկուզ՝ կենցաղային նուազագոյն պայմաններով:

Ան շարունակելով իր գիտական որոնումները, «աստղային բռնկումներու» ասպարէզէն ներս, կ՛արձանագրէ նոր ու այնպիսի կենսական նուաճումներ, որոնք մեծապէս կը նպաստեն հայրենի աստղաֆիզիքայի զարգացման ու հայ ազգային վարկի բարձրացման՝ յաչս միջազգային գիտական շրջանակներէ ներս: Չափազանց շատ քիչեր միայն գիտէին, թէ ինք ո՞վ էր: Անշուշտ այդ քիչերէն մէկը Ռազմիկն էր, որուն միջոցով ծանօթացայ իր հետ ու ոչ միայն մենք լաւ ընկերներ եղանք, այլեւ ան թոյլատրեց, որ պատկերահանեմ Սողոմոն Թէհլիրեանի քանի մը անտիպ լուսանկարները, որոնք ատենին լոյս տեսան «Բագին»ի եւ «Ազդակ»ի մէջ:

ԵՐԵՒԱՆ, 1977, ԳԱՐՈՒՆ

«Ասբիրանդուրա»ի երկու ղեկավարներէս մէկուն՝ (ստալինեան հալածանքներէն տաղուած իբրեւ նախկին յեղափոխականի ժառանգորդ) արուեստաբան Վահան Յարութիւնեանի թելադրանքով, յօդուած գրեցի Յովսէփ Փուշմանի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով, ու տարի «Սովետական Արուեստ»ի խմբագրատուն: Պատասխանատու խմբագիրը (կը խնայեմ իր անուան) նախ ջերմութեամբ ընդունեց, իմ ներկայութեան ընթերցեց ու թելադրեց, որ սփիւռքահայ այլ արուեստագէտներու մասին եւս գրեմ տարբեր առիթներով: Առաջին յօդուածս էր, գոհունակ սրտով դուրս ելայ, սակայն օրեր ետք Պարոյր Սեւակի առաջին կինը՝ Մայա Աւագեանը, ընկերուհիներէս մէկուն միջոցով լուր ղրկեց, որ յօդուածէս կարեւոր բաժին մը մկրատուած է ու իմաստը փոխուած: Անմիջապէս հեռաձայնեցի Ռազմիկին, ով պատուիրեց.

Դաւոյեաններու տան մէջ: Նստած, ձախէն՝ աջ, Վ. Թէքեան, Մ. Դաւոյեան, Մ. Գուշագճեան եւ Յ. Յակոբեան, ոտքի՝ Ռ. Դաւոյեան, Ն. Յակոբեան եւ Մ. Հերկելեան

– Նախ գնա եւ ստուգիր, եթէ աննշան բան է, բանի տեղ մի դիր… գլխացաւանք է, իսկ եթէ կարեւոր է, փորձիր վերականգնել: Նկատի առ, որ դու դրսի մարդ ես… նրանք չեն ուզենայ քեզ նեղացնել:

Սրբագրելու պատրուակին տակ գացի, կարդացի ու տեսայ որ ոչ միայն հանած են այն պարբերութիւնը, ուր Փուշմանի խորհրդապաշտութիւնը (mysticism) մեկնաբանած եմ, այլեւ մէջբերման մը մէջ «խորանարդապաշտութեան դէմ եմ» եզրը վերածած են «խորհրդապաշտութեան դէմ եմ»՝ «միսթիսիզմ»ի, որ բոլորովին հակառակ իմաստը կու տայ: Թէեւ զայրոյթէս սկսայ քրտնիլ, սակայն ինքզինքս զսպելով մտայ կերպարուեստի բաժնի վարիչին մօտ, որ համբերութեամբ լսելէ ետք առարկութիւններս պատասխանեց.

– «Միսթիսիզմ»ը հակասում է մեր գաղափարախօսութեան, այնպէս որ ելք չկայ… սա պէտք է որ հրատարակուի մեր արժեչափին համապատասխան: Հարկաւոր է յարմարուել …:

Դող մը եկաւ վրաս: Ատամներս սեղմեցի ու պատասխանեցի.

– Եթէ այդպէս է, իմաստ չունի… ետ տուէք, կը տանեմ:

– Չի լինի, «Կենտկոմ»ի որոշումն է, ժամանակ չկայ…, այս յօդուածը պիտի հրատարակուի այս համարին մէջ… դա պարտադիր է:

Կարծէք, թէ դիմացը «կոմսոմոլ» մը նստած էր, ու հետս կը վարուէր կուսակցապետի նման: Առարկեցի.

– Գրածս բոլորովին սխալ կը հասկցուի… Փուշմանը ոչ միայն «միսթիք» արուեստագէտ է, այլեւ առաջին անգամ արեւելեան միսթիսիզմը ինք ներկայացրել է Ամերիկայի մէջ… դրա համար էլ բարձր են գնահատում նրան:

 – Դա կարեւոր չի…: Էստեղ «Պարտկոմ» կայ, «Կենտկոմ» կայ… հասկանո՞ւմ ես… որոշումը որոշում է… յօդուածդ լոյս կը տեսնի այնպէս ինչպէս կայ… պա՞րզ է….

 – Պարզ է… հիմա արդէն հասկանում եմ… Էստեղ «Պարտկոմ» կայ, «Կենտկոմ» կայ, լա՛ւ եմ հասկանում… Այդ պարագային իմ անունս ջնջեցէք եւ ի՞նչ կ’ուզէք ստորագրեցէք տակը.. այս յօդուածի տակ ես չեմ ստորագրելու:

 Ատամները իրար քսելով, սինիք ու դժպհի ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին: Բառերը յստակ եւ հատ հատ շեշտելով, ըսաւ.

 – Լսի՛ երիտասարդ… այս յօդուածը հրատարակուելու է այս համարի մէջ… նոյնութեամբ՝ եւ… քո անունով… յստա՞կ է: Հիմա կարող ես հանգիստ գնալ ու… սպասել:

 – Բայց ես կը բողոքեմ…

 – Օհօ՜արդէն երկարացնում ես… Ի հարկէ կարող ես բողոքել որտեղ կամենաս… ազատ երկրի մէջ ենք ապրում… իսկ հիմա… ժամանակ չունեմ… խնդրեմ… ինձ մենակ թողէք:

Իմ խոհեմ ու գիտակից ընթերցող՝ եթէ իմ տեղս ըլլայիր ես չեմ գիտեր, թէ դուն ի՞նչ կ՛ընէիր: Ես՝ բնազդաբար բռունցքով սեղանին ուժեղ խփելէ ետք, կատաղած ոտքի ելայ… հայեացքս մխրճեցի աչքերուն խորքը ու դուռը շրխկացնելով երեսին, դուրս ելայ…: Իջայ փողոց ու առաջին պատահած հեռաձայնի տնակէն զանգեցի Ռազմիկին: Լսելէ ետք զայրալից բողոքներս սկսաւ քա՜հ-քա՜հ խնդալ: Ես շարունակեցի.

Վահէ Թէհլիրեան Օսկանեան

 – Ի՞նչ ես յիմար-յիմար ծիծաղում, չե՞ս տեսնում ի՞նչ վիճակի մէջ եմ:

 – Նախ հանդարտիր եւ առանց յիմարութիւններ դուրս տալու ինձ հանգիստ լսի: Հիմա հասկանո՞ւմ ես, թէ մենք ի՜նչ «դժոխքից» ենք անցնում, մինչեւ որ մի բան յաջողեցնում ենք… հրատարակել: Բողոքելդ անիմաստ կը լինի: Նոյնիսկ ղեկավարիդ մի տեղեկացրու: Առ այժմ դու ոչ մի բան էլ մի արա, ես կը փորձեմ մի բան անել: Սպասի մինչեւ, որ ես գնամ ու խօսեմ նրանց հետ…

Խոստացայ, բայց չդիմացայ: Ջղագրգիռ վիճակի մէջ էի… նախ Յարութիւնեանին հեռաձայնեցի, տունը չէր: Ապա բնազդաբար քայլերս ուղղուեցան դէպի համալսարան, ուր ներկայացայ արտասահմանցիներու բաժնի վարիչին՝ ընկ. Խտըրեանին, որ մինչ այդ տեղեկացուած կը թուէր ըլլալ…: Ընդունեց զիս յարգանքով ու ամենայն սառնասրտութեամբ լսելէ ետք բողոքներս, ըսաւ.

 – Մովսէս ջան՝ դրա մէջ վատ բան չկայ, խմբագիրը պարզապէս պաշտպանել է քեզ ու քո սխալը ուղղել…

 – Այդ ինչպէ՞ս…

 – Եթէ դու «միսթիսիզմ»ը պաշտ-պանես, քո ապագայի համար լաւ չի լինի:

 Յետոյ ձայնը ցածցնելով աւելցուց.

 – Քեզ համար ասում են որ դու հանրակացարանում, քո սենեակում մոմ ես վառում ու խունկ ծխացնում…

 – Այո, յետոյ ի՞նչ, ես իմ սենեակում ազատ չե՞մ…

 – Ճիշդ է, մենք ազատ երկրի մէջ ենք ապրում եւ ուրիշների համար էլ ենք պայքարում: Բայց դու «միսթիսիզմ» ես տարածում… եւ մի մոռացի, որ սա քո առաջին յօդուածն է, սրանով դու սկսում ես քո «կարիէրան» (ասպարէզ) ու յայտնի ես դառնում: Յետոյ, Մովսէս ջան՝… փող էլ ես ստանալու…

Հոս՝ զգացի, որ ինքնատիրապետումս կը կորսնցնեմ… ու յիշեցի Ռազմիկին անբռնազբօս ծիծաղն ու, իմ հերթին սկսայ քա՜հ-քա՜հ խնդալ… ապշեցնելով ու մեծ զարմանք պատճառելով «արտասահմանցի ուսանողներու ջերմ պաշտպան»՝ ընկ. Խտըրեանին: Անխօս դուրս ելայ ու դարձեալ հեռաձայնեցի Ռազմիկին… երբ դրամի մասին լսեց այս անգամ աւելի եւս բարձրաձայն ծիծաղեց ու շարունակեց.

 – Ա՜յ հիմա աւելի լաւ կ՛իմանաս, թէ մենք ինչպէ՞ս ենք ապրում այս երկրում: Եւ ի՞նչ զիջումներ ենք անում… այո՜, փող էլ ենք ստանում…:

Թէեւ «փող ստանալու» բաժինը հեգնանքով արտասանեց, սակայն պէտք է ընդունինք, որ համեմատաբար լաւ կը վճարուէին գրողները: Ռազմիկը նախ խոստացաւ, որ կ՛երթայ իր «ընկերո»ջ՝ խմբագրին մօտ եւ կը փորձէ փրկել յօդուածս, եւ ապա առաջարկեց, որ յաջորդ յօդուածը տամ Ալբերդ Կոստանեանին, որուն ոչ միայն կը ճանչնայի, այլեւ «Բագին» կը տրամադրէի իրեն: Ան «Սովետական Գրականութիւն» ամսաթերթի արուեստի բաժնի խմբագիրն էր: Թէեւ Խորէն Տէր Յարութեանի մասին գրած յօդուածս հրատարակուեցաւ նոյնութեամբ, սակայն (ի հեճուկս իր խոստումին ու Ռազմիկի ուղղակի միջամտութեան) առանց Ուիլեըմ Սարոյանէն փոխ առնուած բնաբանի, ուր կ՛ըսուէր. «Կ՛ատեմ բռնութիւնը ու կ՛արհամարհեմ զանոնք, որ կը գործադրեն զայն»:

Իմ ազատախոհ ու արդարամիտ ընթերցող,

Այո, խոհրդայինները տեսականօրէն կը պայքարէին բռնութեան դէմ, սակայն գործնապէս բռնատիրական վարչախումբով կը կառավարէին այդ հսկայ կայսրութիւնը: Չէ՞ք կարծեր, որ մեր օրերուն նոյնի՛սկ մեծապետական պետութիւնները (առաւել կամ նուազ չափով) բռնատիրական վարչախումբեր են, մադասիրական գաղափարներու, մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան պիտակներու տակ:

Ռազմիկը նոյնի՛սկ իր դիրքն ու ապագան վտանգելու գնով, նմանօրինակ պարագաներու յաճախ կը պաշտպանէր իմ եւ իմ նմաններու իրաւունքները…: Այդ պատճառով ալ ան ինծի համար Ուիլեըմ Սարոյեանին, Խորէն Տէր Յարութեանի եւ միւսներու նման մնաց նաեւ՝ իբրեւ բռնութեան դէմ ծառացող յանձնառու մտքի մարտիկ մը…

Իմ հաւատարիմ ընթերցող,

Կրնա՞ս բացատրել, թէ ինչո՞ւ, այսօր հրապարակի վրայ գրեթէ չունինք, բռնութեան դէմ ծառացող գրողներ, արուեստագէտներ ու առհասարակ մտաւորական մարտիկներ:

ShareTweet
Asbarez Staff

Asbarez Staff

Next Post
Բագրատ Եսայեան Եւ Գառնիկ Մելքումեան Ազատ Արձակուեցան

Բագրատ Եսայեան Եւ Գառնիկ Մելքումեան Ազատ Արձակուեցան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Recommended

ՄԱՀԱԶԴ. ՏՈՔԹ. ԱՌՆՈԼԴ ԲԵՌՆԱՐԴԻ

ՄԱՀԱԶԴ. ՏՈՔԹ. ԱՌՆՈԼԴ ԲԵՌՆԱՐԴԻ

4 hours ago
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ռուսիոյ Մէջ Քննարկեց Արցախեան Հարցերը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ռուսիոյ Մէջ Քննարկեց Արցախեան Հարցերը

5 hours ago

Connect with us

  • About
  • Advertising
  • Subscribe
  • Contact

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

No Result
View All Result
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Սիւնակներ
    • ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
    • ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
    • ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
    • Սասունեանի Անկիւնը
    • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
    • ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

Accessibility

Accessibility modes

Epilepsy Safe Mode
Dampens color and removes blinks
This mode enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
Visually Impaired Mode
Improves website's visuals
This mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
Cognitive Disability Mode
Helps to focus on specific content
This mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
ADHD Friendly Mode
Reduces distractions and improve focus
This mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
Blindness Mode
Allows using the site with your screen-reader
This mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.

Online Dictionary

    Readable Experience

    Content Scaling
    Default
    Text Magnifier
    Readable Font
    Dyslexia Friendly
    Highlight Titles
    Highlight Links
    Font Sizing
    Default
    Line Height
    Default
    Letter Spacing
    Default
    Left Aligned
    Center Aligned
    Right Aligned

    Visually Pleasing Experience

    Dark Contrast
    Light Contrast
    Monochrome
    High Contrast
    High Saturation
    Low Saturation
    Adjust Text Colors
    Adjust Title Colors
    Adjust Background Colors

    Easy Orientation

    Mute Sounds
    Hide Images
    Virtual Keyboard
    Reading Guide
    Stop Animations
    Reading Mask
    Highlight Hover
    Highlight Focus
    Big Dark Cursor
    Big Light Cursor
    Navigation Keys

    Asbarez - Armenian Accessibility Statement

    Accessibility Statement

    • asbarez.am
    • June 27, 2022

    Compliance status

    We firmly believe that the internet should be available and accessible to anyone, and are committed to providing a website that is accessible to the widest possible audience, regardless of circumstance and ability.

    To fulfill this, we aim to adhere as strictly as possible to the World Wide Web Consortium’s (W3C) Web Content Accessibility Guidelines 2.1 (WCAG 2.1) at the AA level. These guidelines explain how to make web content accessible to people with a wide array of disabilities. Complying with those guidelines helps us ensure that the website is accessible to all people: blind people, people with motor impairments, visual impairment, cognitive disabilities, and more.

    This website utilizes various technologies that are meant to make it as accessible as possible at all times. We utilize an accessibility interface that allows persons with specific disabilities to adjust the website’s UI (user interface) and design it to their personal needs.

    Additionally, the website utilizes an AI-based application that runs in the background and optimizes its accessibility level constantly. This application remediates the website’s HTML, adapts Its functionality and behavior for screen-readers used by the blind users, and for keyboard functions used by individuals with motor impairments.

    If you’ve found a malfunction or have ideas for improvement, we’ll be happy to hear from you. You can reach out to the website’s operators by using the following email

    Screen-reader and keyboard navigation

    Our website implements the ARIA attributes (Accessible Rich Internet Applications) technique, alongside various different behavioral changes, to ensure blind users visiting with screen-readers are able to read, comprehend, and enjoy the website’s functions. As soon as a user with a screen-reader enters your site, they immediately receive a prompt to enter the Screen-Reader Profile so they can browse and operate your site effectively. Here’s how our website covers some of the most important screen-reader requirements, alongside console screenshots of code examples:

    1. Screen-reader optimization: we run a background process that learns the website’s components from top to bottom, to ensure ongoing compliance even when updating the website. In this process, we provide screen-readers with meaningful data using the ARIA set of attributes. For example, we provide accurate form labels; descriptions for actionable icons (social media icons, search icons, cart icons, etc.); validation guidance for form inputs; element roles such as buttons, menus, modal dialogues (popups), and others. Additionally, the background process scans all of the website’s images and provides an accurate and meaningful image-object-recognition-based description as an ALT (alternate text) tag for images that are not described. It will also extract texts that are embedded within the image, using an OCR (optical character recognition) technology. To turn on screen-reader adjustments at any time, users need only to press the Alt+1 keyboard combination. Screen-reader users also get automatic announcements to turn the Screen-reader mode on as soon as they enter the website.

      These adjustments are compatible with all popular screen readers, including JAWS and NVDA.

    2. Keyboard navigation optimization: The background process also adjusts the website’s HTML, and adds various behaviors using JavaScript code to make the website operable by the keyboard. This includes the ability to navigate the website using the Tab and Shift+Tab keys, operate dropdowns with the arrow keys, close them with Esc, trigger buttons and links using the Enter key, navigate between radio and checkbox elements using the arrow keys, and fill them in with the Spacebar or Enter key.Additionally, keyboard users will find quick-navigation and content-skip menus, available at any time by clicking Alt+1, or as the first elements of the site while navigating with the keyboard. The background process also handles triggered popups by moving the keyboard focus towards them as soon as they appear, and not allow the focus drift outside of it.

      Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Disability profiles supported in our website

    • Epilepsy Safe Mode: this profile enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
    • Visually Impaired Mode: this mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
    • Cognitive Disability Mode: this mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
    • ADHD Friendly Mode: this mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
    • Blindness Mode: this mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.
    • Keyboard Navigation Profile (Motor-Impaired): this profile enables motor-impaired persons to operate the website using the keyboard Tab, Shift+Tab, and the Enter keys. Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Additional UI, design, and readability adjustments

    1. Font adjustments – users, can increase and decrease its size, change its family (type), adjust the spacing, alignment, line height, and more.
    2. Color adjustments – users can select various color contrast profiles such as light, dark, inverted, and monochrome. Additionally, users can swap color schemes of titles, texts, and backgrounds, with over 7 different coloring options.
    3. Animations – epileptic users can stop all running animations with the click of a button. Animations controlled by the interface include videos, GIFs, and CSS flashing transitions.
    4. Content highlighting – users can choose to emphasize important elements such as links and titles. They can also choose to highlight focused or hovered elements only.
    5. Audio muting – users with hearing devices may experience headaches or other issues due to automatic audio playing. This option lets users mute the entire website instantly.
    6. Cognitive disorders – we utilize a search engine that is linked to Wikipedia and Wiktionary, allowing people with cognitive disorders to decipher meanings of phrases, initials, slang, and others.
    7. Additional functions – we provide users the option to change cursor color and size, use a printing mode, enable a virtual keyboard, and many other functions.

    Browser and assistive technology compatibility

    We aim to support the widest array of browsers and assistive technologies as possible, so our users can choose the best fitting tools for them, with as few limitations as possible. Therefore, we have worked very hard to be able to support all major systems that comprise over 95% of the user market share including Google Chrome, Mozilla Firefox, Apple Safari, Opera and Microsoft Edge, JAWS and NVDA (screen readers), both for Windows and for MAC users.

    Notes, comments, and feedback

    Despite our very best efforts to allow anybody to adjust the website to their needs, there may still be pages or sections that are not fully accessible, are in the process of becoming accessible, or are lacking an adequate technological solution to make them accessible. Still, we are continually improving our accessibility, adding, updating and improving its options and features, and developing and adopting new technologies. All this is meant to reach the optimal level of accessibility, following technological advancements. For any assistance, please reach out to