ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըր ստորագրեց Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի թիւ 1210 բանաձեւը, որ կ’առնչուի նահանգին մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը կառուցելու ծրագրին:
«Երբեք պէտք չէ մոռնանք անմարդկայնութիւնը ու ցեղասպանութեան վայրագութիւնը: Այս յուշարձանին կառուցման շնորհիւ քալիֆորնիացիները պիտի յիշեն ցեղասպանութեան վերապրողներուն դիմագրաւած աներեւակայելի չարչարանքը»: