Նախօրօք ճշդուած ժամադրութեամբ մը, Երեքշաբթի, 28 Նոյեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ որուն մաս կը կազմէին Ժան Գոսաքեան, Արթօ Քէօլէյեան եւ Գրիգոր Աչըգեան։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի առժամեայ գրասենեակին մէջ, Էնսինօ։ Այցելութիւնը տեղի կ՚ունենար Կեդրոնական Կոմիտէի նոր կազմի ընտրութեան լոյսին տակ։
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հիւր պատուիրակութիւնը առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին տեղեկութիւններ փոխանցեց կազմակերպութեան աշխատանքներուն ընդհանուր շրջագիծին մասին, որոնք նկատի ունին գլխաւորաբար Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը։ Առաջնորդ սրբազանը, իր կարգին, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հաղորդեց Ազգային առաջնորդարանի անմիջական ու հեռակայ ծրագիրները։ Ան յատուկ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքի բարեփոխման աշխատանքները հասած են իրենց լրումին եւ կարելի պիտի ըլլայ առաջնորդարանի գրասենեակները ի մօտոյ վերադարձնել մայր հաստատութիւն, ինչ որ պիտի ստեղծէ աշխատանքային աւելի նպաստաւոր պայմաններ եւ ընդարձակման կարելիութիւններ։
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան մեր գաղութի հիմնահարցերը, որոնց ստեղծած հրամայականները լայն գործակցութեան առիթներ կը ստեղծեն ոչ միայն կազմակերպութեան ու Ազգ. առաջնորդարանին, այլ նաեւ հայկական այս օճախը կազմող բոլոր միաւորներուն միջեւ։ Շեշտուեցաւ միասնականութեան ու բոլոր շրջանակներուն միջեւ համերաշխ եւ ներդաշնակ գործակցութեան կարեւորութիւնը։ Նաեւ, վերահաստատուեցաւ արդիւնաւոր գործակցութիւնը շարունակելու եւ աւելի եւս ծաւալելու պատրաստակամութիւնը։
Հանդիպումին վերջին բաժինին միացան Ազգային վարչութեան անդամները։ Մտերմիկ զրոյցի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը խորհրդանշական նուէրներով բարի երթ մաղթեց նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէի աշխատանքներուն։