ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական այցելութեամբ Իրան գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Իրանի հետ Հայաստանի երկաթուղային կապի հաստատումը Հայաստանի օրակարգային կարեւորագոյն հարցերու շարքին է:
Խորհրդարանի խօսնակը շեշտեց, որ հայկական կողմը շատ կարեւոր կը նկատէ ուժանիւթի եւ հաղորդակցութեան կապերու բնագաւառներուն մէջ փոխադարձ պայմանաւորուածութիւններու արձանագրումը:
Սիմոնեան Իրանի նախագահին ներկայացուց Ատրպէյճան-Թուրքիա լծակից կողմերուն՝ Արցախի վրայ սանձազերծած յետ-պատերազմեան իրավիճակը, մարդասիրական հարցերը եւ Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական պատմամշակութային արժէքներու պահպանութեան հարցը: Ան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճան պետական մակարդակով կ՛ոչնչացնէ արժէքաւոր ժառանգութիւնը, եւ Իրան այս հարցով կրնայ օրինակ ծառայել Ատրպէյճանին:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ Իրանի գործադրած հետեւողական ջանքերը:
«Մենք մեր բոլոր բարեկամներուն համար դժուար օրերու ընկեր ենք, այդ սկզբունքով կ՛առաջնորդուինք: Ուրախ օրերուն ամէն մարդ կրնայ միւսին կողքին ըլլալ, բայց իրական ընկերութիւնը եւ բարեկամութիւնը կը ցուցաբերուին դժուարութիւններու ընթացքին», ըսաւ Ռայիսի՝ տեղեկացնելով, որ համապատասխան յանձնարարականներ տուած է իր աշխատակազմին՝ Հայաստանի հետ առաւել սերտ կապեր հաստատելու համար առաջարկներ ներկայացնելու: