Շարլ Ազնաւուրը Շաբաթ երեկոյեան պիտի երգէր Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, »Մարիոթ-Արմենիա« հիւրանոցին դիմաց։ Նստած վայելելու համար մեծ երգիչի կատարումը, պէտք է վճարէիր նուազագոյնը 50 հազար դրամ, առաւելագոյնը՝ 150 հազար դրամ, այսինքն 135 տոլարէն 400 տոլար։ Անշուշտ, հրապարակին մէջտեղը կամ որեւէ անկիւն կանգնածները կրնային տեսնել եւ ունկնդրել ազգի հարազատ զաւկին՝ առանց որեւէ վճարումի։
Ընկերս, վերջին 3 տարիներուն Չինաստան հաստատուած Խաժակը, իրեն նման քանի մը ուրիշ ճարպիկներ եւս, ուրիշ միջոցի դիմած էին հանգիստ վայելելու համար երեկոյի ծրագիրը։
Շաբաթ կէսօրուընէ, Խաժակը գրաւած էր »Արմենիա« հիւրանոցի առջեւ գտնուող սրճարանի սեղաններէն մէկը, անկիւնայինը եւ ինծի եւ իր քանի մը ուրիշ ընկերներու համար տեղը ապահոված մինչեւ երեկոյ։ Այդ ընթացքին, ան կարգադրած էր, որ տարբեր ընկերներ հերթապահեն եւ սեղանը պահեն մեզի համար։ Ուրիշ »ճարպիկներ« նոյնիսկ դրամով հերթապահներ գտած էին եւ երեկոյեան ինքնագոհ հանգստութեամբ տեղաւորուած էին, պատրաստ՝ ըմբոշխնելու Ազնաւուրի երգերը։
Երեկոյեան ժամը 8ին արդէն անդրադարձանք, որ շատ սխալ էր այս հաշիւը։ Հրապարակը ասեղ նետելու տեղ չկար։ Մեր առջեւ մարդկային պատ մը բարձրացած էր, եւ սրճարանի ապահովութեան աշխատողներու շարունակական ճիգը մարդոց հեռացնելու եւ յաճախորդներուն շնչելու տեղ տալու, ապարդիւն կը մնար։
Ոտքի եղող ունկնդիրները լիովին ըմբոշխնեցին երեկոն։ Մենք յամառօրէն մնացինք նստած ու յայտագրի առաջին բաժնէն ոչ մէկ բան տեսանք, ոչինչ լսեցինք։ Միայն երբ Ազնաւուրը սկսաւ երգել, հաւանաբար ժողովուրդի քար լռութեան պատճառով, մեր ականջին ալ հասաւ իր ձայնը։ Չդիմանալով, ոտքի ելանք ու այդպէս գոնէ փրկեցինք երեկոյի վերջին մասը։
Ժողովուրդը, ամբողջ բազմութիւնը վայելեց երեկոն։ Բազմութեան ծաւալը ինքնին աննախընթաց էր ու ոգեւորող։ Ճոխ ու բազմագոյն հրավառութեան ժամանակ ամէն մարդ կարծես երեխայ դարձած էր ու անմիջական պոռթկումներով կ’արտայայտէր իր հիացումն ու ուրախութիւնը։
Մեր ճարպիկութիւնը անիմաստ դարձաւ։ Գալ անգամ կը վերադառնամ իմ սովորութեանս ու ժողովուրդին մէջ կանգնելով՝ մասնակից կ’ըլլամ այսօրինակ մեծ միջոցառումներու։ Արցախեան ցոյցերու եւ հաւաքներու կարօտախտը միշտ մղած է զիս մեծ ու փոքր հաւաքներուն մասնակից ըլլալ՝ մտնելով ժողովուրդի մէջ, անտեսելով աւելի ճարպիկ դարձած հայաստանցի ընկերներուս խորհուրդները, որոնք կը նախընտրեն տունը հանգիստ նստած կամ երկարած՝ պատկերասփիւռէն հետեւիլ հանդիսութիւններուն։
Շաբաթ կէսօրուան ծրագիրը՝ »Ֆրանսա« հրապարակի անուանակոչութեան հանդէսը, շատ մարդ չէր բերած այդտեղ։ Կազմակերպողներու հեռատեսութեան շնորհիւ ապահովուած էր նուազագոյն թիւ մը, որ հազիւ այդ փոքր հրապարակը լեցուցած էր։ Կրնայինք ազգովին խայտառակ ըլլալ եւ նախագահ Ժաք Շիրակին բաւարար համոզիչ չդարձնել մեր ֆրանսասիրութիւնը, պարզապէս, որովհետեւ մեզմէ շատեր սիրտ չունէին քիչ մը աւելի երկար ճանապարհով հասնիլ կեդրոն։
Յամենայն դէպս, պատուով դուրս եկանք այս փորձութենէն, եւ Հայաստանէն հեռացող պաշտօնական պատուիրակութիւնը կարծեմ խորունկ տպաւորութիւններով վերադարձաւ իր երկիրը։
Պաքուն վստահաբար հետեւեցաւ այս ամէնուն եւ սիրտը պայթեցաւ։
Նոյն օրը կէսօրէ ետք, ես գրասենեակիս մէջ անգամ մը եւս հաճոյքը ապրեցայ »խորհուրդներ« տալու 3 լիբանանահայ երիտասարդներու, որոնք Հայաստան մշտապէս ապրելու ծրագիր կը փայփայեն եւ այստեղ գոյատեւելու պայմաններ ստեղծելու համար ճամբաներ կը փնտռեն։
Հաստատ է, որ արտերկրէն ներհոսքը կը շարունակուի, եւ օրէ օր աւելի նկատելի կը դառնայ սփիւռքահայերու ներկայութիւնը գործի զանազան ասպարէզներու մէջ։
Պաքուն վստահաբար կ’իմանայ այս մասին եւ թող իր սիրտը քիչ մը եւս պայթի…
Գրեցէք ինծի.-
mherapo@hotmail.com