ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 17 Յունիսին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի նախագահութեամբ Հայաստանի մէջ գումարուեցաւ ՀԱՊԿի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու կոմիտէի հերթական նիստը: Քննարկումի առարկայ դարձան ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու ապահովական մարտահրաւէրները եւ սպառնալիքները չէզոքացնելու միջոցառումները, ՀԱՊԿի տարածաշրջանին մէջ համատեղ հակաահաբեկչական գործողութիւններու վերաբերեալ առաջնահերթութիւն ներկայացնող հարցեր:
Գրիգորեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած ապահովական միջավայրին՝ նշելով, որ անիկա լեցուն է մարհահրաւէրներով, ինչ որ պայմանաւորուած է հայ-ատրպէյճանական չկարգաւորուած յարաբերութիւններու եւ Արցախի հիմնահարցին հետ: Ան անընդունելի նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի պահպանման դրութեան խախտումը, որ նաեւ զոհերու պատճառ կը դառնայ։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման` Գրիգորեան նշեց, որ Ատրպէյճան ժամանակ առ ժամանակ կը բարձրացնէ այսպէս կոչուած Հայաստանի տարածքով «հաղորդակցութեան միջանցք» բանալու հարցը. ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ տրանսպորտային ուղի գոյութիւն ունենալ չի կարող»՝ շեշտելով, որ ըստ Հայաստան, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի եռակողմ բոլոր յայտարարութիւններուն, չկայ որեւէ յիշատակում միջանցքներու մասին:
Խօսելով Արցախի տագնապին մասին՝ Գրիգորեան նշեց, որ հակամարտութիւնը տակաւին լուծուած չէ եւ հիմնահարցի համապարփակ լուծումը պէտք է տրուի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ:
Նիստին մասնակցողները եւ ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս այցելեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ դարձեալ մտահոգութիւն յայտնեց տարածաշրջանի իրավիճակին եւ յատկապէս Արցախի տագնապին վերաբերեալ՝ շեշտելով, որ կազմակերպութիւնը համապատասխան չ՛արձագանգեր Ատրպէյճանի բռնութիւններուն, թէեւ այդ մէկը ընելու լիազօրութիւն եւ պարտաւորութիւն ունի։
Նշելով, որ նախորդ տարուան 12 Մայիսին, ատրպէյճանական զինուժը ներխուժեց Հայաստանի տարածքը, որմէ ետք Հայաստան դիմեց ՀԱՊԿին` Փաշինեան ընդգծեց. «Տեսնում ենք, որ Ադրբեջանի կողմից ագրեսիւ (արձակողապաշտ) յայտարարութիւնները շարունակւում են, եւ մենք այս հարցը պէտք է քննարկենք` յատկապէս հաշուի առնելով, որ Հայաստանը դիմել է ՀԱՊԿին, քանի որ դա ե՛ւ մեզ, ե՛ւ կազմակերպութեան համար շատ սկզբունքային հարց է: Ես ցանկանում եմ նշել նաեւ հետեւեալը. մեր տարածք ադրբեջանական զօրքերի ներխուժումից յետոյ որոշ մեկնաբանութիւններ եղան առ այն, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ չկայ սահմանագծուած եւ սահմանազատուած սահման: Անկեղծ ասած, սա բաւական վտանգաւոր ձեւակերպում է, քանի որ ահա մենք ասում ենք` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտի: Եթէ մենք ասում ենք, որ պէտք է հաշուի առնուեն այն սահմանները, որոնցով իրականացուել են դեմարկացիայի (սահմանագծման) եւ դելիմիտացիայի (սահմանազատման) գործընթացները, դա կարող է լղոզել ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտի հասկացութիւնը, քանի որ հարց է ծագում` իսկ որտե՞ղ է սկսւում ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտին, եւ որտե՞ղ է աւարտւում ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտին: Մեր դիրքորոշումն այն է, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ գոյութիւն ունի կոնկրետ (յստակ) սահման, քանի որ 1991 թուականին, երբ ստեղծուել է Անկախ պետութիւնների համագործակցութիւնը, ստորագրուել է միջպետական համաձայնագիր, որում յստակ գրուած է, սահմանուած է, որ երկրները փոխադարձաբար ճանաչում են միմեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները: Այստեղ նկատի են առնւում Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի վարչական սահմանները, եւ ես կարծում եմ, որ մենք պէտք է այս ելակէտն ունենանք»:
Այս իրավիճակին հակառակ մեկնաբանութիւնը, ըստ Փաշինեանի, պիտի նուազեցնէ ՀԱՊԿի արդիւնաւէտութիւնը: «Յոյսով եմ, որ այս հանդիպման եւ ձեր նիստի ընթացքում նշուած նիւանսները (նրբերանգները) նոյնպէս կը քննարկուեն: Վերջերս Մոսկուայում, երբ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ ոչ պաշտօնական գագաթաժողովը, ես բարձրացրել եմ այս հարցը: Մենք քննարկում ենք սկսել, եւ ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ, որպէս նախագահող, յանձնարարել ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին` մեր կանոնադրական փաստաթղթերին համապատասխան կազմակերպել այս հարցը, քանի որ հիմա իրավիճակը մեր տարածաշրջանում, կարելի է ասել, կայուն լարուած է: Բայց այն յայտարարութիւնները, որոնք հնչում են Ադրբեջանի պաշտօնատար անձանց կողմից, պէտք է նախազգուշացնող լինեն, եւ կարծում եմ, որ այս հարցը պէտք է քննարկենք ՀԱՊԿ ձեւաչափում», ըսաւ Փաշինեան:
It is useless to be member of “HABG” when majority is foe nations
to Armenia, 6 of them. Staying member will hurt future progress.
31 years experience is more than enough to continue.