ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Միացեալ Նահանգներու «Հազարամեակի մարտահրաւէր» հիմնադրամը Հայաստանի ծրագիրին փոխանցեց երկրորդ դրամական յատկացման առաջին մասնաբաժինը՝ 1 միլիոն 456 հազար տոլար:
Երկրորդ մասնաբաժինը, որ կը կազմէ 270.8 հազար տոլար, պիտի փոխանցուի Փետրուարին:
Նշեալ գումարը պիտի տրամադրուի 2007ի Յունուարին կնքուած պայմանագիրներու գործադրութեան համար:
Յիշեալ պայմանագիրներէն առաջինը կնքուած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) հետ, որմով կը նախատեսուի, որ ԱՎԾն հարցախոյզներու միջոցով «ՀՄՀ-Հայաստան»ին տուեալներ տրամադրէ տնային տնտեսութիւններու, գիւղական չքաւորութեան մակարդակի, եկամուտներու փոփոխութիւններու եւ «ՀՄՀ-Հայաստան» ծրագիրի իրագործումին նկատմամբ ժողովուրդին վերաբերումին վերաբերեալ:
Երկրորդ պայմանագիրը իրականացնող կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի ճանապարհներու տնօրինութիւնը, որ պիտի վերահսկէ գիւղական ճանապարհներու վերականգնումին: Ֆինանսական այս յատկացումին մէկ մասը պիտի տրամադրուի «Չրից դէպի շուկայ» ծրագիրին, որ կը նախատեսուի ստորագրել այս ամիս: