ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի կառավարութիւնը իր համաձայնութիւնը տուաւ երկրին պատմութեան մէջ առաջին իսլամ նախարարի նշանակումին, յայտարարեց վարչապետ Էհուտ Օլմէրթի գրասենեակը։ Իսրայէլի խորհրդարանը Երկուշաբթի օր վաւերացուց նշանակումը, եւ Ղալէպ Մաժատլէ պիտի ըլլայ պետական նախարար մը։
Մաժատլէ խորհրդարանի անդամ մըն է։ «Իսրայէլացի արաբները», այսինքն իսրայէլեան հպատակութիւն ստացած պաղեստինցիները (իսլամ, տիւրզի եւ քրիստոնեայ) կը կազմեն երկիրի 7 միլիոննոց բնակչութեան մօտ 20 առ հարիւրը։
Ասկէ առաջ Իսրայէլ միայն մէկ անգամ՝ 2001ին, ունեցած է ոչ հրեայ նախարար մը՝ տիւրզի Սալահ Թարիֆ, որ իր պաշտօնին ստանձնումէն ինը ամիս ետք ստիպուած հրաժարեցաւ զեղծարարութեան ամբաստանութիւններու պատճառով։
«Եիսրայէլ Պէյթէյնու» ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան անդամներէն մէկը քննարկումին ընթացքին պոռացած է. «Ասիկա մահացու հարուած մըն է սիոնիզմին»։
Մաժատլէի թեկնածութիւնը ներկայացուցած էր պաշտպանութեան նախարար Ամիր Փերէց։ «Ան իր (Աշխատաւորական) կուսակցութեան եւ քաղաքական կեանքի խաւարոտ բաժինէն դուրս բերաւ Մաժատլէն եւ բարձրացուց այս դիրքին», հաղորդեց «Էսոշիէյթըտ փրէս»՝ աւելցնելով, որ իսրայէլացի մեկնաբաններուն կարծիքով՝ Փերէց այս քայլով կը փորձէ իր դիրքը բարելաւել կուսակցութեան մէջ։