
ԵՐԵՒԱՆ.- 18 Յունիսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի հանդիպում ունեցան։ Փութին յայտարարեց, որ Ռուսիա լաւապէս կը հասկնայ, թէ Հայաստանի մէջ ի՛նչ կը կատարուի եւ շահագրգռուած է, որ երկրին մէջ կացութիւնը կայուն ըլլայ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
«Մենք վճռական ենք մեր գործընկերային յարաբերութիւնները զարգացնելու հարցին մէջ: Շահագրգռուած ենք, որ երկրին մէջ կացութիւնը կայուն ըլլայ, երաշխաւորուի շարունակական զարգացումը», ըսաւ Փութին՝ աւելցնելով, որ Հայաստան միայն Ռուսիոյ գործընկերը չէ, այլ ռազմավարական դաշնակիցն է, բան մը, զոր ռուսական կողմը կը գնահատէ: