ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Կամօ Արէեան Երկուշաբթի օր մամուլին յայտնեց, որ պիտի արդիականացուի եւ կանոնակարգուի մայրաքաղաքի հասցէաւորման համակարգը:
Արէեան նշեց, որ հասցէաւորման նախկին համակարգը ժամանակի ընթացքին ձեւափոխուած է եւ չ’արտայայտեր Երեւանի անշարժ գոյքի ներկայ վիճակը: Հասցէաւորման ճշգրիտ պատկերը կարեւոր է նաեւ բնակչութեան զանազան տեսակի ծառայութիւններ մատուցելու համար:
Երեւանի քաղաքապետի յանձնարարութեամբ, գոյքագրուած են Երեւանի հասցէները, կազմուած է շէնքերու եւ շինութիւններու թուագրման ժամանակացոյց: Հասցէաւորման ներկայիս հէնքը կը կազմեն 1258 փողոցները, պուրակները, նրբանցքներն ու փակուղիները, 4566 բազմաբնակարան շէնքերը, ուր տեղադրուած են հասցէ ունեցող 216,750 բնակարաններ: Արձանագրուած են նաեւ 31,124 անհատական բնակելի տուն եւ 5348 հասարակական-արտադրական հաստատութիւն: Ըստ Կ. Արէեանի, նշուած հասցէները սկսած են պատշաճեցուիլ նոր կարգին: Թուագրելու կարգը քիչ մը տարբեր պիտի ըլլայ նախկինէն: Այսպէս, եթէ շէնքը փողոցներու հատման վրայ է, ապա հասցէն պիտի տրուի մեկնելով այն բանէն, թէ ճակատային մուտքը ո՞ր փողոցէն է:
Փոխքաղաքապետը նաեւ տեղեկացուց, որ այժմ կը նախապատրաստուին շինութիւններու թիւերու նմոյշները: Նախկին կարգէն նոյնութեամբ պահպանուած է այն, որ կենտ համարները ձախակողմեան են, զոյգ համարները՝ աջակողմեան:
2005 Դեկտեմբեր 25ին, կառավարութիւնը հաստատած էր ներբնակավայրային աշխարհագրական կէտերու հասցէաւորման, թուագրման եւ հասցէներու պետական գրանցման կարգը: Ներկայ հասցէաւորումը նոր կարգին պատշաճեցնելու համար, իրաւասու մարմիններուն 2 տարի ժամանակ տրուած է: Մայրաքաղաքին մէջ հասցէներ տրամադրող լիազօր մարմին ճանչուած է Երեւանի քաղաքապետարանը:
Նաեւ, նոր կարգի համաձայն, հասցէները պիտի տրուին Երեւանի քաղաքապետի կողմէ՝ համապատասխան որոշումով: Քաղաքացիին դիմումը ստանալէ յետոյ, հինգ օրէն, քաղաքապետը պէտք է կայացնէ հասցէ տրամադրելու որոշում, որ այնուհետեւ արձանագրուելու համար պէտք է ներկայացուի անշարժ գոյքի (կալուածներու) քատասթրի պետական կոմիտէին: