Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային «վաքըֆ»ներու (հաստատութիւն) ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը վերջապէս հրապարակուեցաւ եւ պաշտօնապէս մտաւ շրջանառութեան մէջ: Սա վէրք մըն էր, որ կը կոտտար շուրջ տասը տարիէ ի վեր: Փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութեան ջնջումէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին, վաքըֆներու այժմու ղեկավարութիւնները գործնականօրէն պաշտօնի գլուխ մնացած եղան շուրջ 13-14 տարիներ, ինչ որ բաւական մեծ բարդութիւններ յառաջացուց բոլոր առումներով: Այժմ ըսուելիք միակ բանը այն է, որ լաւ է ուշ՝ քան երբեք: Արդարեւ, արդէն կայ նոր կանոնադրութիւն մը, որ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներուն առջեւ վարչական նոր թարմութեան, նոր աշխուժութեան մը հեռանկարը կ՛ուրուագծէ:
Ըստ նոր կանոնադրութեան, մինչեւ տարեվերջ պէտք է վերանորոգուին բոլոր վարչական կազմերը: Նոր կանոնադրութեամբ շրջանային դրութիւն մը հաստատուած է փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան համար: Պոլսոյ մէջ այդ շրջաններու սահմանները պիտի համապատասխանեն այն գօտիներուն, որոնք կը գործեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած նոր կանոնադրութեամբ յստակացուած են ընտրական համակարգին վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները: Պոլսոյ վաքըֆներուն առընթեր, տնօրինութիւններ կան նաեւ գաւառի փոքրամասնական համայնքներու պարագային: Հարկ է նշել, որ այս կտրուածքով, յարաբերաբար աւելի ճկուն կարգադրութիւններ նախատեսուած են՝ մանաւանդ ընտրաշրջաններու սահմանման տեսանկիւնէն:
Նոր կանոնադրութեան մէջ բացառութիւն դասուած են փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցները, որոնց ընտրութիւնները պիտի կատարուին տարի մը աւելի ուշ՝ մինչեւ 2023ի վերջաւորութիւնը: Ինչպէս արդէն վերջին շրջաններուն յաճախ կը խօսուէր, փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներու վերաբերեալ տնօրինութիւնները պիտի յստակացուին առողջապահութեան նախարարութեան հետ համակարգուած ձեւով:
Ընտրական նոր կանոնադրութեան հրապարակումը կու գայ յեղաշրջել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը: Այս կանոնադրութեամբ ենթադրուած համակարգը նոր իրավիճակի եւ նոր հաւասարակշռութիւններու ծնունդ կրնայ տալ համայնքային կեանքին մէջ:
Այս պահու դրութեամբ դժուար չէ կանխատեսել, որ յառաջիկայ ամառը այդքան ալ արձակուրդային պիտի չըլլայ մեր համայնքի պարագային: Արդարեւ, մէկ կողմէ մինչեւ տարեվերջ ընտրութիւնները հասցնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլան նախապատրաստական բուռն աշխատանքներ, իսկ միւս կողմէ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը նոր խմորումներու վրայ պիտի կեդրոնանայ:
«ԱԿՕՍ»