ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի աշնան պիտի աւարտի հիւլէակայանին մէջ աշխատող միջուկային վառելանիւթի չոր պահեստարանի ընդարձակման առաջին փուլը, որ կը նախատեսէ 12 յաւելեալ պահեստարաններու կառուցում:
Իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ պահեստաւորելու հիւլէական «սպառած» վառելանիւթի համապատասխան քանակ: Այս մասին յայտնեց ուժանիւթի նախարարութեան հիւլէական ուժանիւթի կառավարման վարչութեան պետ Արա Գէորգեանը եւ նշեց, որ պահեստարանին մէջ այս նիւթերը կարելի է պահել 50 տարի: Այնուհետեւ պիտի կառուցուին «գերեզմաններ», ուր հնարաւոր կ’ըլլայ ընդմիշտ պահել: Սակայն անհաւանական չէ նաեւ, որ հետագային հնարաւոր ըլլայ վերամշակել զանոնք:
«Գերեզմանոցներ»ու կառուցման համար անհրաժեշտ է կատարել մօտ 500 միլիոն տոլարի ներդրում:
Պահեստարանի առաջին փուլի շինարարութեան նախագծման, կառուցման եւ ապահով գործարկումին համար անհրաժեշտ է 6 միլիոն եուրօ, որ պիտի յատկացուի պետական ամավարկէն:
Ա. Գէորգեան տեղեկացուց նաեւ, որ խորհրդային տարիներուն «սպառած» վառելանիւթը որոշ ժամանակ կը պահուէր Հայաստանի մէջ, ապա կ’ուղարկուէր Ռուսիա: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ հիւլէակայանի վերագործարկումէն յետոյ, Հայաստանի մէջ 612 միաւոր «սպառած» վառելանիւթ կուտակուած է, որուն պահպանման համար 1996ին Ֆրանսայի կառավարութիւնը յատկացուց 40 միլիոն ֆրանք: