ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի հրամանագիրով, Հոկտեմբեր 30էն սկսեալ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս նշանակուած է Արմէն Լիլոյեան:
Ա. Լիլոյեան ծնած է 1971ին, Երեւան: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքը: Ուսումը շարունակած է Լոնտոնի դիւանագիտական ակադեմիային մէջ՝ ստանալով Մագիստրոսի տիտղոս:
1995էն ի վեր, Լիլոյեան կը գործէ արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս, ուր զանազան պաշտօններ վարած է նոյն կառոյցի Եւրոպայի վարչութեան մէջ, իսկ 1998-2002ին պաշտօնավարած է Մեծն Բրիտանիոյ Հայաստանի դեսպանատան մէջ: 2002էն ետք վարած է նախարարութեան Եւրոպայի վարչութեան Եւրոմիութեան բաժինի վարիչի պաշտօնը: