ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Հաւիէ Սոլանա շաբաթավերջին Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը լիբանանցի ղեկավարներու հետ, որոնց շարքին էին խորհրդարանի նախագահը եւ վարչապետը: Ան նաեւ առիթ ունեցաւ այցելելու հարաւային Լիբանան։
Սոլանա վարչապետարանին մէջ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց ընդարձակ հանդիպում մը. վերջինիս ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ֆաուզի Սալլուխ եւ Սոլանայի ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Սոլանա յայտնեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը Լիբանանի եւ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն կողմէ ճշգրիտ ձեւով կը գործադրուի։ Ան ողջունեց նաեւ ՄԱԿի միջազգային ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ հեզասահ գործակցութիւնը ու շեշտեց, թէ Իսրայէլի մէջ ան պէտք եղածը փոխանցած է՝ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները կասեցնելու նպատակով։
Անդրադառնալով Լիբանանի տնտեսական օժանդակութիւն ապահովելու համար ծրագրուող «Փարիզ 3» խորհրդաժողովին, Սոլանա նշեց, որ Եւրոպական միութիւնը պատրաստ է օժանդակելու այդ խորհրդաժողովի կազմակերպման։
Սոլանա նկատել տուաւ, որ հարաւի մէջ մտահոգիչ ոչինչ գոյութիւն ունի, սակայն անհրաժեշտ է, որ Շեպաայի ագարակներու հարցը եւս լուծուի։
Իր կարգին, վարչապետ Սինիորա յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա» ու ՄԱԿի ուժերու միջեւ ցարդ միջադէպեր չեն արձանագրուած։ Ան ըսաւ, որ խաղաղապահ ուժերը կ՚օժանդակեն լիբանանեան բանակին, որ իրաւասութիւն ունի ամէն տեղ գտնուելու՝ նոյնիսկ Լիթանի գետին հարաւը, ինչպէս նաեւ՝ իրաւասութիւն ունի գրաւելու որեւէ զէնք կամ զինամթերք եւ արգիլելու շրջանին մէջ զինեալ որեւէ գոյութիւն։
Ներքին քաղաքականութեան ակնարկելով վարչապետ Սինիորա շեշտեց, որ հարկ է միասնաբար երկխօսութեան նստիլ՝ ապահովելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը։
Աւելի ուշ, Սոլանա հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի հետ եւ դրուատեց անոր կողմէ առաջարկուած խորհրդակցութեանց նորագոյն նախաձեռնութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի օդային սահմանները խախտող իսրայէլեան օդուժին թռիչքները եւ ոտնձգութիւնները, որոնց մասին կը վկայեն Եւրոպական միութեան մաս կազմող երկիրներու բոլոր ուժերը։
Նշենք, որ Սոլանա Շաբաթ առաւօտեան այցելած էր արտաքին գործոց նախարար Ֆաուզի Սալլուխի, իսկ յետմիջօրէին ան այցելած էր հարաւային Լիբանան եւ հանդիպում մը ունեցած ՄԱԿի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալէն Փելլեկրինիի հետ։