ՊԱՂՏԱՏ, ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի ու Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի միջեւ Յորդանանի մէջ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին սկսելիք երկօրեայ խորհրդակցութիւնները վերջին վայրկեանին որոշուեցաւ մէկ օրով յետաձգել, մինչ հանդիպումին դէմ բողոքող շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատրի համակիր վեց նախարարներ եւ 30 երեսփոխաններ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին, թէ որոշած են քաշուիլ կառավարութենէն ու խորհրդարանէն:
Նախարարներն ու երեսփոխանները շեշտեցին, թէ «անիծեալ եւ ոճրագործ» Պուշի հետ հանդիպելու Մալիքի որոշումը ոտնակոխում մըն է իրաքցիներու սահմանադրական իրաւունքներուն, յատկապէս այս օրերուն, երբ «իրաքցիները արիւնով եւ ոչ թէ մելանով կը գրեն իրեն ճակատագիրը»:
Միւս կողմէ, Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած յարձակումները աւելի քան 25 զոհ խլեցին, իսկ ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ սպաննուած են երկու այլ ամերիկացի զինուորներ: Ամերիկեան ուժերու բանբեր մը յայտնեց, որ ապստամբները ամերիկեան ուժերէն առաջ հասած են Երկուշաբթի օր ջախջախուած ամերիկեան պատերազմական օդանաւին եւ այդ պատճառով օդաչուին դիակը չէ գտնուած:
Երեքշաբթի օրուան բախումները վեց զոհ խլած էին:
Քաղաքական գետնի վրայ, Իրաքի խորհրդարանը Երեքշաբթի օր միաձայնութեամբ որոշեց 30 օրով երկարաձգել երկրին մէջ հաստատուած ստիպողական վիճակի դրութիւնը: Խորհրդարանականներու երկարաձգած այս դրութիւնը ի զօրու է երկրին ամբողջ տարածքին՝ բացառութեամբ հիւսիսային քրտական ինքնավար շրջանին: Այս դրութեան հիմամբ թոյլատրելի կ՚ըլլայ գիշերային կրակմարի դրութեան երկարաձգումը, եւ գործադիր իշխանութեան կ՚արտօնուի առանց դատական հրամանագրի ձերբակալութիւններ կատարել եւ ոստիկանական ու զինուորական արշաւներու դիմել: