ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, »Ռոյթըրզ«.- Սպիտակ տուն այցելող Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպում մը ունենալով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ Թուրքիան Եւրոպական միութեան անդամ դարձնելու աշխատանքներուն, միաժամանակ ողջունելով հակաահաբեկչական աշխատանքներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ սերտացող գործակցութիւնը:
Երկու ղեկավարները խորհրդակցութիւններ ունեցան նաեւ Իրանի, Իրաքի, Կիպրոսի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացին մասին:
Էրտողան Պուշէն խնդրեց յաւելեալ ջանք թափել հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները չէզոքացնելու ծրագիրը իրականացնելու նպատակով: