ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 12 Յունիսին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ Քուէյթի Ազգային (ՔԱՎ) վարժարանի 60 ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ մը, տեղւոյն ՔԱՎի շրջանաւարտներու եւ քուէյթահայերու կազմակերպութեամբ։
Ճաշկերոյթին ընթացքին սրտի խօսքեր արտասանեցին կազմակերպիչ մարմինին կողմէ՝ Մարալ Մանուկեան Գույումճեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ շրջանաւարտ ու երբեմնի ուսուցչուհի Յասմիկ Ճուպանեան Գարակէօզեան։
Կամաւոր ճիգերով կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնը ինքնին մեծագոյն ցուցանիշ է, որ 60ամեայ փառայեղ պատմութիւն ունեցող վարժարանը յաջողած է իր մարդակերտումի ու հայակերտումի վեհ առաքելութեան մէջ, եւ անոր ջամբած կրթութիւնը եւ ազգայնաշունչ ոգին կենսագործուած են իւրաքանչիւրի սիրտին եւ հոգիին մէջ։
Յատուկ շնորհակալութիւն շրջանաւարտներ Մարալ Մանուկեան Գույումճեանին, Մարիէթ Թէմամեան Մկրեանին, Յասմիկ Ճուպանեան Գարակէօզեանին, Հրաչ Գալուստեանին եւ Սեդա Գույումճեանին, որոնք անսակարկ նուիրումով յաջողութեամբ պսակեցին սոյն ձեռնարկը։
Նշենք, որ ճաշկերոյթէն գոյացած գումարը պիտի նուիրուի Քուէյթի Ազգային վարժարանին։
Ստորեւ կու տանք ՔԱՎի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սիմոն Օգճեանի ողջոյնի եւ երախտագիտութեան խօսքը.
«Սրտի անհուն բերկրանքով կ՛ողջունենք ձեզ՝ Քուէյթի Ազգային վարժարանի լոսանճելըսահայ մեր շատ սիրելի՛ շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ եւ ներկաներ, որ հաւաքուած էք նշելու մեր շատ սիրելի ՔԱՎի 60ամեակը։
«Սփիւռքի մէջ, հայկական ազգային կրթօճախներու կենսունակութիւնն ու յաջողութիւնը չի չափուիր միա՛յն անոնց երկարակեցութեամբ, այլ մանաւանդ ապագայի նկատմամբ անոնց տեսլականով եւ զարգացման ուղղութիւններով։
«Այս իմաստով ՔԱՎը, որուն 60ամեայ յոբելենականը կը նշուի նաեւ Ամերիկայի մէջ, իր իւրայատուկ տեղը եւ նշանակութիւնը ունի Սփիւռքի տարածքին Ազգային վարժարաններու ցանցին մէջ։ Տարածաշրջանային իմաստով անիկա միակ Ազգային ամէնօրեայ վարժարանն է, որ անխափան կը գործէ 60 տարիներէ ի վեր։ Աւելին, այս հաստատութիւնը կամք դրսեւորած է, քայլ պահելու համար առաջատար ուսումնակրթական ուղղութիւններուն հետ, միշտ ունենալով քուէյթահայ գաղութի անվերապահ աջակցութիւնը, սէրն ու հոգատարութիւնը։
«Շատ դժուար է սեփական-ազգային մտածողութիւն զարգացնել հայրենիքէն դուրս, օտար միջավայրի մէջ։ Հետեւաբար, Քուէյթի Ազգային վարժարանը, վեց տասնամեակներ շարունակ, կրթական պետական ծրագիրին կողքին, հայ աշակերտը զինած է հիմնական եւ ժամանակակից գիտութեամբ, միաժամանակ անոր մէջ թրծելով բարոյականութիւն, կենցաղավարութիւն, իմացական բարձր ոգի եւ ազգային գիտակցութիւն։
«Սիրելինե՛ր, ովկիանոսներէն անդին, կամաւոր ճիգերով կազմակերպուած այս հաւաքոյթը ինքնին մեծագոյն ցուցանիշ է, որ 60ամեայ փառահեղ պատմութիւն ունեցող ՔԱ Վարժարանը, յաջողած է իր մարդակերտումի ու հայակերտումի վեհ առաքելութեան մէջ, եւ անոր ջամբած կրթութիւնն ու ազգայնաշունչ ոգին կենսագործուած են իւրաքանչիւրի սրտին ու հոգիին մէջ։
«Ձեր այս յոյժ գնահատելի միջոցառումը կու գայ ապացուցելու, թէ աշխարհով մէկ սփռուած Ազգային վարժարանցիներու սիրտերը կը փափախեն իրենց վարժարանով, կ՛ուրախանան անոր յաղթանակներով ու նուաճումներով եւ կը տագնապին անոր տագնապներով, միշտ պատրաստ, անսալու անոր կանչին եւ սատարելու անոր ծաղկման ու վերելքին։
«Այստեղ կ՛ուզենք մեր շնորհակալական եւ երախտիքի խօսքը ուղղել շրջանաւարտներու այն խմբակին, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն յաջողութեամբ իրականացուց այս նախաձեռնութիւնը։
Բոլորիդ վարձքը կատար»։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)