Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան 13 Յունիսին, իր անդրանիկ հովուական այցելութիւնը կատարեց Քալիֆորնիոյ Ափլընտի տարածաշրջանի հայութեան եւ նորահաստատ համայնքին։ Ափլընտի համայնքը ինքնակազմակերպուած է վերջին տարուան ընթացքին, Գէորգ սրկ. Հալաճեանի գլխաւորութեամբ։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ներկայ էին առաւել քան հարիւր հաւատացեալներ։ Սրբազան հօր այցելութեան ընթացքին առաջնորդին կ՛ուղեկցէր Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւի օգնական Արթուր սրկ. Վարդանեան։
Սրբազան հայրը եւ այցելութեան մասնակցողները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ այսքան կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կարելի եղաւ ձեւաւորել կազմակերպուած համայնք մը եւ ունենալ կոկիկ եկեղեցի մը՝ հոգեւոր արարողութիւններ կատարելու եւ ի մի հաւաքելու համար շրջանի հայութիւնը։
Դիւան Առաջնորդարանի