ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմը Երկուշաբթի, Յունուար 29ին Քոնկրէսին պաշտօնապէս փոխանցեց, որ Իսրայէլ կրնայ բռնաբարած ըլլալ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւններ, որովհետեւ հարաւային Լիբանանի վրայ նետած է տարանջատուող ռումբեր։
Այս հաստատումը պատճառ դարձած է վարչակազմին մէջ բանավէճի մը, թէ արդեօք պէ՞տք է պատժել Իսրայէլը գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու դէմ այդ զինամթերքը գործածելուն համար։
Փենթակոնի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան «միջին մակարդակ»ի պաշտօնատարներ պնդած են, որ Իսրայէլ այդ զէնքերը բնակելի շրջաններու դէմ գործածելով՝ ոտնակոխած է ամերիկեան պայմանները, եւ այդ զէնքերը ՄԱԿի հաստատումով պատերազմին աւարտէն ետք պատճառած են երեսուն քաղաքայինի մահը ու վիրաւորած են 180 ուրիշներ։
Յատկանշական է, որ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն մէջ ծառայող երկու պելճիքացի զինուորներ Երկուշաբթի օր վիրաւորուեցան այդ ռումբերէն մէկուն պայթումին պատճառով:
Աւելի բարձրաստիճանի պաշտօնատարներ պատասխանած են, որ այդ զէնքերուն գործածութիւնը «ինքնապաշտպանութեան» համար էր, որովհետեւ նպատակը «Հըզպալլա»ի յարձակումներուն վերջ դնելն էր։
Պուշի վարչակազմին կողմէ Իսրայէլի դէմ պատժամիջոցները անհաւանական են, որովհետեւ այդ վարչակազմը յայտնի է իբրեւ Իսրայէլի զօրավիգ, կ՚ըսէ «Նիւ Եորք թայմզ» օրաթերթը եւ կ՚աւելցնէ, որ Իսրայէլի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները աննախընթաց չեն, որովհետեւ նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն 1982ին վեց տարուան համար արգիլեց տարանջատուող ռումբեր ծախել Իսրայէլի, որովհետեւ Լիբանան ներխուժած ատեն այդպիսի ռումբեր գործածած է Լիբանանի քաղաքային բնակարանային շրջաններու դէմ։