Հայաստանի անկախութեան 15ամեակի առիթով, Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն ներս իրականացան բազմաթիւ տարաբնոյթ ձեռնարկներ։ Ցնցող էր յատկապէս 21ի առաւօտեան, հանրապետութեան հրապարակի վրայ ներկայացուած զինուորական շքերթը։ Կազմակերպուած բանակի հաստատ քայլերը ակամայ հպարտութիւն կը ներշնչէին ոեւէ հայու։ Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 9ին »Վազգէն Սարգսեան« մարզահամալիրէն ներս կազմակերպուեցաւ տօնին նուիրուած յատուկ փառատօն, որուն ընթացքին կենդանի պատկերներով ներկայացուեցան Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, Խորհրդային Հայաստանը եւ երկրորդ՝ ներկայ հանրապետութիւնը։ Խոցելին այն էր, որ Խորհրդային Հայաստանը ներկայացուեցաւ իբրեւ երկրորդ հանրապետութիւն, իսկ ներկայ հանրապետութիւնը՝ երրորդը։ Աւելին՝ խորհրդային հանրապետութիւնը ներկայացնելու ժամանակ պարզուեցաւ մուրճ- մանգաղը, ու խումբ մը երիտասարդներ բարձրաձայն բացականչեցին՝ »Փառք ՍՄԿԿին« եւ ընդհանրապէս փառաբանուեցաւ եօթանասունամեայ ժամանակաշրջանը… Ապշիլ կարելի է. ԻՆՉԻ՞Ն ՓԱՌՔ…
Հաւանաբար շատերը այն կարծիքին են, որ պէտք չէ չափազանցել, այդ մէկը համարենք ներկայացում, որուն ընթացքին ներկայացուած ժամանակաշրջանին համար այդ բացականչութիւնը բնական էր։ Բայց կարծեմ շատ-շատեր համաձայն պէտք է ըլլան, որ նախ Խորհրդային Հայաստանը երկրորդ հանրապետութիւն համարելը արդէն իսկ ներելի չէ, իսկ անկախութեան օրուան առիթով այդ բռնատիրական շրջանը ներկայացնել՝ բարձր պահելով օրուան ղեկավարներու նկարները, մուրճ-մանգաղը ու բացականչել՝ ՓԱՌՔ ՍՄԿԿին, անհանդուրժելի է։ ԻՆՉԻ՞Ն ՓԱՌՔ. հայ եկեղեցւոյ հալածանքի՞ն, որ դարերէ ի վեր եղած էր հոգեւոր մշակութային կեդրոն, փառք այդ ժամանակաշրջանին՝ ղեկավարներու, մտաւորականներու եւ արուեստի գործիչներու գնդակահարմա՞ն ու ձերբակալմա՞ն, փառք մօտ 300,000 հայերու Սիպերիա աքսորմա՞ն, փառք անկախութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան ջատագովներուն հանդէպ կարգադրուած »դժբախտ պատահարներո՞ւն«, փառք ստեղծուած այն մթնոլորտին, որ իր հայրը մատնող զաւակը կը գնահատուէ՞ր, փառք խեղաթիւրուած պատմութեա՞ն, փառք ստրկատիրական վարչակարգի՞ն։ Ո՛Չ։
Անդրադառնալով համայնավար սպանդի զոհերուն Հայաստանի մէջ, Հայաստանի տարագիրներէն Հայկ–Արամ Շիրակեան կազմած է հսկայական ցանկ մը, որ սահմռկեցուցիչ է։ Այդ օրերուն ան գտնուած է Երեւան, իբրեւ պետական համալսարանի ուսանող եւ Հայաստանի կոմերիտմիութեան պաշտօնաթերթ »Աւանգարդ«ի աշխատակից, մօտէն ծանօթ է այդ դաժան մաքրագործումներուն։
Հեղինակը կը խոստովանի, որ հարիւրաւոր անուններ ընդգրկող իր ցանկին մէջ »Մտնում են միայն հանրածանօթ եւ անուանի զոհերը, այն էլ երբեք ամբողջական ձեւով, քանզի դժուար է թէկուզ անուանիներին մի առ մի յիշել ու թուել, իսկ բոլորին՝ մեր պայմաններում կատարելապէս անհնարին է«։
Եթէ այդ ժամանակաշրջանը կ՚ուզենք ներկայացնել, ներկայացնենք այս փաստարկներով, ոչ թէ դրական պատկերով, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութեան ընթացքին խօսինք անկախութեա՛ն մասին ու փառք տանք, որ բռնատիրական այդ վարչակարգէն անկախացանք, այլապէս եթէ »երկրորդ հանրապետութեամբ« կը պարծենանք, ինչպէ՞ս կրնանք անկէ անկախանալը տօն համարել։
Փառք Առաջին Հանրապետութեան, որ հիմք հանդիսացաւ ներկայ հանրապետութեան կերտման։ Փառք, որ այսօր 15 տարեկան ենք…
nayirim@yahoo.com