Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) Կեդրոնական վարչութիւնը, 15-18 Յունիսին, Ժընեւի մէջ գումարեց իր ընդհանուր ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Հրանդ Ծ. վրդ. Թահանեան եւ Զուիցերիոյ մէջ կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։
Համաճարակէն ի վեր այս առաջին անգամն է, որ Կեդրոնական վարչութիւնը անդամներու ներկայութեամբ ժողով կը գումարէ։ Ժողովին ընթացքին վարչութիւնը քննարկեց յառաջիկայ Սեպտեմբերին Գերմանիոյ Քարլզրու քաղաքին մէջ ԵՀԽի համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները։
Ժողովին հիմնական օրակարգն էր՝ «Քրիստոսի սէրը կը մղէ աշխարհը հաշտութեան եւ միասնութեան» թեմայով համաժողովին ծրագիրներու համադրումը։ Ըստ ժողովի ատենապետին՝ դոկտ. Ագնէս Ապաումի, համաժողովը իր թեման պիտի գործադրէ համատեղ աղօթքներով, Ս. Գիրքի սերտողութեամբ, տուեալ թեմային վերաբերող նիստերով, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելով ժամանակակից ամէնէն թէժ հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնք բոլոր եկեղեցիներէն կը պահանջեն յստակ պատասխաններ։ Ան նաեւ ըսաւ, որ համաժողովը տարածք մըն է, ուր անդամ եկեղեցիները պիտի ծրագրեն ԵՀԽի ապագան։
Կեդրոնական վարչութեան նիստերուն վարչութիւնը ընտրեց նաեւ իր նոր 8րդ ընդհանուր քարտուղարը՝ պատուելի դոկտ. Ճերի Փիլէյը։
Նշենք, որ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամ Գարլա Խիճոյեան կը շարունակէ ԵՀԽի մէջ Միջին Արեւելքի բաժինի պատասխանատուի իր պաշտօնը։