ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Իկոր Իվանով Կիրակի, Յունուար 28ին Թեհրանի մէջ տեսակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի եւ Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի հետ, որ հազուադէպօրէն կ՚ընդունի օտար պաշտօնատարներ ու դիւանագէտներ:
Իրանի պետական պատկերասփիւռը հաղորդեց, որ Իրան կ՚ուզէ, որ Ռուսիա միջնորդութիւն կատարէ իր ու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին միջեւ՝ լուծելու համար իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ հարցերը: «Իրան Ռուսիայէն կ՚ակնկալէ նոր առաջարկներ, օրինակի համար՝ իւրանիոմի Ռուսիոյ մէջ հարստացումը, նաեւ հաղորդակցութիւններ ՄԱԿի հետ՝ լուծելու համար այս առնչութեամբ տարակարծութիւնները», յայտարարած է կայանը: Իվանովի ունեցած տեսակցութիւններուն մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան, բայց Իրանի պետական լրատուամիջոցները ըսին, որ Ռուսիա խոստացած է այս տարի ամբողջացնել Պուշէհրի հիւլէական կայանի կառուցումը:
Վերջին օրերուն հակասական տեղեկութիւններ հաղորդուեցան իւրանիոմի հարստացման իրանեան ծրագիրներուն շուրջ:
ՄԱԿի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային հիմնարկի տնօրէն Մուհամմատ Պարատէյ յայտարարած էր, թէ որոշ տեղեկութիւններ կան, ըստ որոնց՝ Իրան կը ծրագրէ իւրանիոմի հարստացման ծառայող երեք հազար սարքեր զետեղել Նանացի հիւլէական կայանին մէջ:
Իրանցի խորհրդարանական Ալաէտտին Պորուժերտի Շաբաթ առաւօտ հաստատած էր, թէ արդէն սկսած են այդ սարքերուն զետեղումին, սակայն Շաբաթ երեկոյեան Իրանի հիւլէական ծրագիրներու վարչութեան բանբերը հերքած էր այդ տեղեկութիւնները՝ հաստատելով, որ այդպիսի նոր սարքեր չեն զետեղուած Նանացի մէջ: