ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին խոստացան իրենց կարելին ընել բացայայտելու եւ պատժելու համար այն երիտասարդները, որոնք Կիրակիէն Երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին հանրակառք մը այրած էին եւ ձգած, որ կին մը այրի անոր մէջ։ Կինը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:
Իշխանութիւնները ոստիկաններու յատուկ ջոկատներ ղրկեցին հարաւային Մարսէյ քաղաքը, ուր տեղի ունեցած էր միջադէպը:
Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք դատապարտեց վերջին օրերուն ծայր առած բռնարարքները եւ հրդեհին պատճառով ծանր այրուածքներ ստացած կնոջ ընտանիքին վստահեցուց, թէ «յանցագործները ամենայն խստութեամբ պիտի պատժուին»։ Անցնող շաբթուան ընթացքին Փարիզի արուարձաններուն մէջ նոյնպէս հանրակառքեր հրկիզուած էին։
Հարիւրաւոր ֆրանսացիներ անցնող շաբաթավերջին քալեցին Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ՝ նշելով տարելիցը երկու երիտասարդներու մահուան։ Անոնց մահը պատճառ դարձած էր, որ խռովութեանց ալիք մը տարածուի Ֆրանսայի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Երկու երիտասարդները ելեքտրահար ըլլալով մահացած էին ելեքտրակայանի մը մէջ՝ ոստիկանութենէն խոյս տալու պահուն։
Նկարին մէջ, հրկիզուած հանրակառք մը Փարիզի մէջ: