ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նոյեմբեր 17ին, Սանթա Մոնիքայի մէջ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, Հայ դատի Յանձնախումբի գործիչներ Լէոնարտ Մանուկեան եւ Մայքըլ Մահտեսեան տեսակցութիւն մը ունեցան ծերակուտական Ճօ Պայտընի հետ (Դ., Տելաուէր) ու անոր փոխանցեցին Յանձնախումբի տեսակէտներն ու կեցուածքները դեսպան առաջադրուած Ռիչըրտ Հոկլընտի կապակցութեամբ:
Պայտըն յառաջիկայ Ծերակոյտին մէջ պիտի գլխաւորէ Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը, որու պարտականութիւններէն է դեսպաններու նշանակումը վաւերացնելով՝ յղել Ծերակոյտի լիագումար նիստին:
Ծերակուտականը 2008ի նախագահական ընտրութիւններու նախապատրաստութեան ծիրէն ներս Քալիֆորնիա կը գտնուէր՝ դրամահաւաքի նպատակով:
Մանուկեան եւ Մահտեսեան Պայտընի ընդարձակ լուսաբանութիւններ տուին, թէ ինչու ամերիկահայութիւնը կ’ընդդիմանայ Ռիչըրտ Հոկլընտի Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակումին եւ աւելցուցին, որ Հոկլընտ ուրանալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ինքնաբերաբար անարժան կը համարուի Երեւանի մէջ դեսպանի պաշտօնին:
Պայտընի փոխանցուեցաւ, թէ Սպիտակ տունը պէտք է ուրիշ թեկնածու մը առաջադրէ այդ պաշտօնին:
Հանդիպումէն ետք, Մանուկեան ողջունեց Պայտընի հետ կայացած քննարկումը եւ աւելցուց, որ ծերակուտականէն կը բաժնուինք այն համոզումով, որ ան կը բաժնէ մեր տեսակէտները եւ կեցուածքները՝ ինչ կը վերաբերի արդարութեան եւ ճշմարտութեան: