Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի հերթական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 26ին, »Ֆերահեան« վարժարանի »Տիգրանեան« սրահին մէջ: Օրուան ճաշը հովանաւորեց Սաաթճեան ամոլը, իրենց ծնողներու յիշատակին:
Օրուան երգչուհին էր Շաքէ Յովակիմեանը, որ դասական երգերով հմայեց ներկաները: Անոր ջութակով կ’ընկերանար մասնաճիւղի ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան, իսկ թմբուկով՝ Վազգէն Սեփեթճեանը: Յովակիմեան նաեւ ասմունքեց »Սասունցիներու պար«ը ու զուգերգ մը կատարեց Գահվէճեանի հետ:
Յայտագրի երկրորդ բաժնով ելոյթներ ունեցան Սուրէն Գահվէճեան, Սիրան Հալաճեան եւ Յակոբ Յակոբեան, իսկ վերջին բաժնով Գահվէճեան չորս լեզուներով »Բարի տարեդարձ« երգելով շնորհաւորեց Օգոստոս ամսուան ծնունդները:
Ապա անվճար վիճակախաղէն բախտաւորուեցան 17 անդամ-անդամուհիներ եւ ներկաները վարչութեան շնորհակալութիւն յայտնելով ու սրտաբուխ մաղթանքներով ուրախ մթնոլորտի մէջ հեռացան սրահէն:
Յայտնենք, թէ մասնաճիւղին անդամներուն թիւը 71ի հասած է: