ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի պաշտօնին համար առաջարկեց Քրիսթինա Քվիընի թեկնածութիւնը: Այս կը նշուի Սպիտակ տան կայքին վրայ:
Քրիսթինա Քվիըն 2019էն մինչ օրս Ուքրանիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնակատարն է: 2016էն Ապրիլ 2019 եղած է Փարիզի մօտ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպանի պաշտօնակատար եւ դեսպանատան տնտեսական հարցերու խորհրդական:
Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին, զանազան պաշտօններ վարած է՝ Թայլենտի, Մեծն Բրիտանիոյ, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ եւ Ֆիլիփինի մօտ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութիւններ ստանձնելով: Ան նաեւ եղած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային Ապահովութեան խորհուրդի Եւրոպական Միութեան, Ուքրանիոյ եւ Պելոռուսի հարցերու տնօրէն:
Քալիֆորնիա ծնած դիւանագէտը ունի քաղաքագիտութեան պսակաւոր արուեստից եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու մագիստրոսի վկայականները:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը 19 Փետրուար 2019էն ի վեր կը վարէ Լին Թրէյսի: