ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան տեսաուղերձով հանդէս եկաւ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 50րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿի Արտադատական, առանց դատի կամ կամայական մահապատիժներու հարցերու Յատուկ զեկուցողի հետ քննարկման՝ ընդգծելով, որ Արցախի պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ խաղաղ բնակչութեան խոշտանգումներուն, իսկ տարածուող ծայրայեղ դաժան արարքներուն միջազգային արձագանգը եղած է, մեղմ ասած, անհամաչափ ու անբաւարար՝ այդպիսով ալ նախադրեալներ ստեղծելով այլ ընթացիկ հակամարտութիւններուն մէջ արտադատական եւ կամայական մահապատիժներու գործելակերպի համար:
Եզրափակելով ելոյթը՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ընդգծեց յատուկ զեկուցողին կողմէ տարածաշրջան աւելի շատ այցելութիւններ կատարելու հրամայականը՝ շեշտելով տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալու անհրաժեշտութիւնը՝ իբրեւ յանձնառութեան արդիւնաւէտ իրականացման երաշխիք:
Կարեւոր նկատելով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ազգային հիմնարկներու դերը՝ տեղւոյն վրայ իրավիճակի անմիջական գնահատման համար՝ Գրիգորեան յայտնեց յատուկ զեկուցողի հետ գործընկերութեան իր պատրաստակամութիւնը: