ԽԱՐ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Աֆղանիստանի սահմանակից շրջաններուն մէջ գտնուող իսլամական վարժարանի մը վրայ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին տեղի ունեցած օդային յարձակումի մը զոհ գնաց առնուազն 80 հոգի, որոնք ըստ փաքիստանեան իշխանութեանց, իսլամ ծայրայեղականներ էին:
Սակայն, տեղացիներ դատապարտեցին բանակին այս ռմբակոծումը, պնդելով, թէ զոհերուն մեծ մասը 15-25 տարեկան անմեղ ուսանողներ էին:
Նկարին մէջ, Երկուշաբթի օրուան յարձակումի զոհերուն մէկ մասը: