ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայոց բանակի կազմաւորման 15ամեակի առթիւ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը այցելութիւն կազմակերպած էր Արարատ քաղաքին մէջ տեղակայուած՝ Վազգէն Սարգսեանի անուան թիւ 58831 հրաձգային գունդին:
Այցի ընթացքին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան, ողջունելով զինուորները տօնի առթիւ, նշեց, որ 15 տարի առաջ մեր ժողովուրդը մեծ ջանքերով յաջողեցաւ ունենալ բանակ եւ պետականութիւն:
Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի՝ խաղաղ պայմաններու մէջ յաղթանակը նոյն արժէքը ունի, ինչ-որ պատերազմի ժամանակ. «Մեզ պէտք չէ, որ մեր վրայ յարձակուեն, եւ մենք նրանց ջարդենք: Մենք պէտք է այնքան ուժեղ լինենք, որ ոչ մէկի մտքով չանցնի մեր վրայ յարձակուել, եւ դրա երաշխիքը դուք էք»:
Վահան Յովհաննիսեանի համոզումով, եթէ թշնամին իր տունը նստած է, ապա այն պատճառով, որ մեր սահմանները ամուր են:
ԱԺ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան ըսաւ, որ բանակի տարեդարձի նշումը մեր ժողովուրդի թերեւս ամենավեհ տօնն է. «Մեր բանակը աւելի մարտունակ ու տոկուն է դառնում՝ բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս: Նիւթական վիճակը գնալով բարելաււում է, եւ սա լաւագոյն երաշխիքն է, որպէսզի հայ ժողովուրդը ազատ, անկախ իր երկրում, նաեւ՝ վաղը իր պատմական հայրենիքում հանգիստ ապրելու, գոյատեւելու յոյսեր փայփայի»:
Մարտական պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան բարձր ցուցանիշներու համար, ինչպէս նաեւ բանակի 15ամեայ տօնի առիթով պատուոյ գիրեր յանձնուեցան շարք մը սպաներու:
Հիւրերը զօրամասին նուիրեցին Արցախեան ազատամարտի նահատակ հերոսներուն մասին «Խոնարհ հերոսներ» շարժանկարի շարքը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի յուշակոթողներուն նուիրուած շարքեր:
Զինուորներուն նուիրեցաւ նաեւ «Հայ զինուոր» գրքոյկը, ուր զօրավար Դրոյի եւ Սեբաստացի Մուրատի կերպարներուն մէջ խտացուած է իսկական հայ զինուորի կերպարը:
Արարատ այցելած էին Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան 30 երիտասարդներ եւս, որոնք եկած էին ծանօթանալու զօրամասի պայմաններուն՝ վստահ ըլլալու, որ իրենք պիտի ծառայեն ամուր եւ ապահով բանակի մէջ: