ՀԱՅԿ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՏՈՄԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 29 Յունուար 1958ին, Լոս Անճելըս)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ Հայկ Անդրանիկ Ատոմեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 29 Մայիս 2022ին։ Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2022ին, առաւօտեան ժամը 9էն 4, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, CA 90068:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Մայրը՝ Քորին Ատոմեան
Քոյրերը՝ Անահիտ եւ Լորիկ Ատոմեաններ
Զաւակները՝ Ճէյմզ, Տէյվիտ, Տանիէլ եւ Կերիսըն Ատոմեաններ
Հօրեղբայրը՝ տոքթ. Ճերալտ (Ճերի) Ատոմեան
Կողակիցը՝ Սարա Մետինա եւ ընտանիք
Եւ համայն աշխարհի տարածքի հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել The American Armenian National Security Institute-ին – AANSI։ (Checks payable to AANSI, 330 N. Brand Blvd., Ste. 1250, Glendale, California 91203)։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.