ՊՈԼԻՍ, »Մարմարա«.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողի մը մասին շուէտաբնակ Սուզան Խարտալեանի ու Փիա Հոլմքուիսթի պատրաստած »I Hate Dogs« վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը անցեալ շաբաթ արգիլուեցաւ Պոլսոյ մէջ:
Ժապաւէնը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1ին պիտի ցուցադրուէր »1001 միջազգային վաւերագրական ժապաւէն« փառատօնին, սակայն Հինգշաբթի օր Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած էր արգիլել անոր ցուցադրութիւնը:
Այս որոշումը պառակտում յառաջացուց փառատօնի կազմակերպիչ մարմնի անդամներուն միջեւ եւ անդամներէն՝ վարչութեան նախագահի տեղակալ Նէճաթի Սէօնմէզ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, բողոքելով ժապաւէնին ցուցադրութիւնը ջնջելու որոշումին դէմ։
Փառատօնի վարչութիւնը ստիպուեցաւ այս մասին լուսաբանութիւն մը ընել եւ պաշտպանեց այն տեսակէտը, թէ այս շրջանին »կը կարօտինք խաղաղութեան, զիրար ճանչնալու ու հրապարակը ամէն տեսակ ատելութեան զգացումէ մաքրագործելու հրամայականներուն, ուստի այսպիսի պայմաններու մէջ ճիշդ չէր նմանօրինակ ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը«։
Սակայն Սէօնմէզ պատասխանեց, որ ինք նախապէս ընդունուած ժապաւէնի մը վերջին վայրկեանին ցանկէն դուրս հանուիլը նախատինք մը կը նկատէ թէ՛ ժողովուրդին, թէ՛ վարչութեան եւ թէ ժապաւէնի արտադրիչներուն նկատմամբ։ »Հայկական հարցը այլեւս միայն պետութեան թապուն չէ. մեզմէ իւրաքանչիւրին մտքին մէջ քանդակուած ինքնագրաքննութեան հրէշ մը դարձած է. ինչ մեղք, որ վախը սկսած է կրծել շատերուն հոգին«, ըսաւ Սէօնմէզ։
Բեմադրիչներն ու Շուէտի շարժապատկերի հիմնարկը այս կապակցութեամբ բողոքի նամակներ յղեցին կազմակերպիչ մարմնին: