Հայկական Ցեղասպանութեան 90ամեակի առիթով, Քեպէքի Հայ Դատի Յանձնախումբը (Քանատա), համագործակցութեամբ Քեպէքի քաղաքապետարանին եւ Commission de La Capitale Nationale-ին, նախաձեռնած էր Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրիի զետեղումը Քեպէք քաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ։
Այս աշխատանքով զբաղող ենթայանձնախումբը օրին յարմար նկատած էր Կոմիտասի քանդակի իրագործման համար կազմակերպել մրցոյթ, մասնակից դարձնելու թէ՛ Սփիւռքէն եւ թէ՛ հայրենիքէն արուեստագէտներ: Մրցոյթի աւարտին, մրցանակը ստացաւ արուեստագէտ Սամուէլ Ղազարեանի ստեղծագործութիւնը՝ Երեւանէն:
Սոյն Կիսանդրիի զետեղման աշխատանքները թափ առին մօտաւորապէս երեք տարի առաջ եւ ահաւասիկ, Հոկտեմբեր 24ին, կիսանդրին յանձնուեցաւ Քեպէք քաղաքին։
Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրիի յանձնումը, գլխաւորութեամբ Քեպէքի Հայ Դատի Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկով մը՝ Քեպէքի քաղաքապետարանին մէջ, ուր ներկայ էին 100ի մօտ անհատներ, որոնք կը ներկայացնէին Քեպէք նահանգը, քաղաքապետարանը եւ տեղւոյն գաղութը։
Ձեռնարկին ներկայ էին առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Սուրէն արք. Գաթարոյեան, Գառնիկ քհնյ. Գոյունեան եւ Հայ Աւետարանական մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Մհեր Խաչիկեան, որոնց կ’ընկերակցէին Մոնթրէալի եւ Լաւալի գաղութը ներկայացնող կազմակերպութիւններ եւ ազգայիններ։
Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին Յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Քէօսէյեան եւ փոխքաղաքապետ Ժաք Ժոլիքոր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կիսանդրիի պաշտօնական բացումը, ընկերակցութեամբ երաժշտական քառեակի մը, որ ներկայացուց Կոմիտասի արուեստի քանի մը կտորներ։