ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի ներկայանայ սեփական ծրագիրներով եւ վստահ է, որ պիտի ստանայ բնակչութեան աջակցութիւնը, քանի որ իր ներուժով եւ որակով Դաշնակցութիւնը ունի կասկածի տակ չդրուող առաւելութիւններ, յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:
2008ի նախագահական ընտրութիւններուն Հ.Յ.Դ.ն պիտի մասնակցի սեփական թեկնածուով, երէկ, Յունուար 29ին «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ անգամ մը եւս հաստատեց Հրանդ Մարգարեան: Իսկ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակը բաղկացած պիտի ըլլայ շուրջ 100 թեկնածուէ, նուազագոյնի պիտի հասցուի ոչ կուսակցականներու թիւը: Քարոզարշաւի ընթացքին Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին պիտի ներկայանայ ոչ թէ այլ ուժերը քննադատելու եւ այդ հիմքով աւելի լաւ երեւալու, այլ սեփական գաղափարները եւ ծրագիրները ներկայացնելու միջոցով:
Հրանդ Մարգարեան աւելցուց, որ հասունցած է լուրջ ընտրութիւն կատարելու պահը, պէտք է գիտակցիլ, որ այսօրուան ընտրութիւններով պայմանաւորուած է հետագայ չորս տարիներու իշխանութեան որակը:
Թէեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի կարծիքով, ժողովուրդը տակաւին կը գտնուի ընկերային ծանր պայմաններու մէջ, սակայն այսօր արդէն հասունցած է այն գաղափարը, որ ընտրութիւններով կը լուծուի ոչ թէ մէկ օրուան, այլ վաղուան հարցը: Իսկ Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ ի վիճակի է լուծել այդ խնդիրները:
Ուստի, Հրանդ Մարգարեանի հաւաստիացումով, պատահական չէ, որ այս ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը աւելի շատ քուէ ստանայ, քան նախորդին. «Կարծում եմ, որ այսօրուայ պահն այնպիսին է, որ նոյնիսկ նրանք, ովքեր մեզ չեն համակրում, մեր օգտին կը քուէարկեն: Կան մեծ առաւելութիւններ, որովհետեւ Հ.Յ.Դ.ում ոչ ոք ոչ մէկի հետեւող չէ, ոչ ոք չի կարող իր կամքը պարտադրել այս կազմակերպութեանը: Այս կազմակերպութիւնն ապրող, շնչող կառոյց է, որը բաղկացած է մեր ժողովրդի միջին եւ, կ’ասեմ նաեւ, անապահով խաւերից: Այս կառոյցն իր խօսքն ունի ասելու ղեկավարութեանը, քաղաքական ուղղուածութեանը, մեր մօտեցումներին: Այդ կառոյցը իր ղեկավարութեանը ղեկավարել գիտի, իր ղեկավարութեանը զսպել գիտի, իր ղեկավարութիւնից հաշուետուութիւն պահանջել գիտի: Որովհետեւ մինչեւ ընտրութիւնները բոլորը լաւն են, իսկ ընտրութիւններից յետոյ բոլորը տարբեր են: Մենք նման բան մեզ թոյլ տալ չենք կարող, որովհետեւ մեր շարքերը դա մեզ թոյլ չեն տայ», ըսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը: