Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բարերար եւ Ազգային առաջնորդարանի բարեկամներ տէր եւ տիկին Աբրահամ եւ Նորա Թաշճեանները, Միւռոնօրհնէքի ընդառաջ եւ ինքնաբուխ ուրախութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռին նկատմամբ իրենց նիւթական զօրակցութիւնը յայտնելու փափաքով՝ կապ հաստատեցին առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ եւ սրբազան հօր փոխանցեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ Միւռոնօրհնութեան շրջագիծին մէջ հովանաւորելու կաթողիկոսարանին հետ կապ ունեցող որեւէ ծրագիր:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսի՝ գնահատեց ընդհանրապէս Թաշճեան ընտանիքի եւ մասնաւորապէս Աբրահամի ու Նորայի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը եւ ծառայական ոգին՝ եկեղեցւոյ ու ազգային կառոյցներու նկատմամբ, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ