ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Անուշաւան Դանիէլեանի Յունուար 24ի հրամանագիրով, Սերժ Ամիրխանեան ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր գաղթի, փախստականներու եւ բնակեցման վարչութեան պետ նշանակուեցաւ:
Վարչապետի մէկ այլ հրամանագիրով, Փաւէլ Նաջարեան այլ աշխատանքի անցնելու պատճառով ազատ կացուցուած է այդ պաշտօնէն: