ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Արժանթինի խորհրդարանը միաձայնութեամբ պատուեց հայ ազգը, որդեգրելով 1915-23 թուականներու ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած ոճիրը յիշատակող օրէնք մը: Նախագիծը յառաջ մղուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, եւ երեսփոխաններ Ռաֆայէլ Պիելսայի (Յաջողութեան Ճակատ-Փերոնական կուսակցութիւն), Հերմէս Պիննէրի (Ընկերվարական կուսակցութիւն), Քարլոս Ռայմունտիի (Ա.Ր.Ի.), Ֆետերիքօ Սթորանիի (Արմատական կուսակցութիւն) եւ Ֆետերիքօ Փինետոյի (Փ.Ր.Օ.) հովանաւորութեամբ։
Վերջին շաբաթներու ընթացքին խորհրդարանի զանազան յանձնախումբերու կողմէ քննարկուած եւ ընդունուած նախագիծը մաս պիտի կազմէր Արժանթինի խորհրդարանի Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբերի նիստի օրակարգին, սակայն իբրեւ հետեւանք Արժանթին-Թուրքիա բարեկամութեան խումբի անդամ երեսփոխանուհի Փաթրիսիա Ֆատէլի միջամտութեան, հարցը յետաձգուեցաւ։
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, տեղւոյս IAN.cc կայքէջի օժանդակութեամբ, անմիջապէս պահանջատիրական եւ լուսաբանական արշաւի մը նախաձեռնեց, որ շուտով արձագանգ գտաւ հայ համայնքին մէջ, տրուած ըլլալով, որ արշաւի սկսելէն քանի մը ժամ չանցած, Ֆատէլ աւելի քան 4500 ելեքտրոնիք նամակներ ստացաւ։
Հայ Դատի Յանձնախումբի ճիգերուն շնորհիւ, խորհրդարանի նախագահ Ալպերթօ Պալէսթրինի որոշեց չուշացնել հայ համայնքին համար հիմնական կարեւորութիւն ունեցող այս օրէնքի քննարկումը, եւ առ այդ, ան մաս կազմեց Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբերի նիստի օրակարգին։ Նիստին բազմաթիւ հայորդիներ ներկայ գտնուեցան:
Քննարկումը սկսաւ երեսփոխան Ռաֆայէլ Պիելսա, որ ցնցիչ խօսքերով ժողովականներէն պահանջեց երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած այս օրէնքի վաւերացումը։ Ապա խօսք առին երեսփոխաններ Հերմէս Պիննէր, Քարլոս Ռայմունտի, Ալֆրէտօ Աթանասոֆ, Ֆետերիքօ Փինէտօ, Ալիսիա Թաթէ, Խուան Խոսէ Ալվարէս եւ Լուիս Սիկոնիա։ Ներկայ գտնուող երեսփոխանները ուշադիր կերպով հետեւեցան նիստին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ օրէնքի քուէարկութիւնը։ Նախագիծը ընդունուեցաւ 175 թեր քուէներով եւ 2 ձեռնպահութեամբ։ Այդ պահուն, սրահէն ներս գտնուող հայորդիները եռանդով ծափահարեցին եւ ունեցան երախտագիտական արտայայտութիւններ:
Այս ձեւով, ոչ միայն վաւերացուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնք մը, այլ հաստատուեցաւ մարդկային իրաւանց յարգանքի նկատմամբ Արժանթինի դիրքը։
Այժմ օրէնքը պէտք է ուղարկուի Ծերակոյտին, սպասելով, որ անոր քննարկումը տեղի ունենայ խորհրդարանական ներկայ նստաշրջանի աւարտէն առաջ:
ՕՐԷՆՔԸ
Նախագիծը կը կրէ 5261-D-2006 կարգաթիւը եւ կ’առաջադրէ Ապրիլ 24ը իբրեւ հանդուրժողութեան եւ ազգերու միջեւ յարգանքի օր հաստատել, ի յիշատակ հայ ազգի Ցեղասպանութեան: Կը բաղկանայ 5 յօդուածներէ.-
Յօդուած թիւ 1.- Ամէն տարուան 24 Ապրիլ թուականը հռչակել որպէս Հանդուրժողութեան գործադրութեան եւ ազգերու միջեւ յարգանքի օր, ի յիշատակ հայ ազգի Ցեղասպանութեան, անոր յիշատակումը արդի քայլերու եւ մեր ապագայի նպատակներու նկատմամբ մնայուն դաս մը ըլլալու ոգիով։
Յօդուած թիւ 2.- Հանրային բաժանմունքներու մէջ գտնուող հայ ծագումով բոլոր աշխատաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն արտօնել, որ իւրաքանչիւր տարուան 24 Ապրիլ թուականը ազատօրէն տրամադրեն, իր ազգի նկատմամբ գործադրուած ոճիրի յիշատակումներուն մասնակցելու նպատակով։
Յօդուած թիւ 3.- Հանրային վարժարաններու նախակրթարան եւ երկրորդական ուսում ստացող հայ ծագումով բոլոր աշակերտներուն արտօնել, որ բացակային յօդուած թիւ 1ի մէջ ստեղծուած յիշատակման օրը։
Յօդուած թիւ 4.- Կը հրաւիրուին նախանգային կառավարութիւնները, որ ընդունին սոյն օրէնքի որոշումները։
Յօդուած թիւ 5.- Հաղորդել գործադիր իշխանութեան։