ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Ծերակոյտին առջեւ Սեպտեմբեր 29ին ելոյթ մը ունենալով, ծերակուտական Ճան Էնսայն (Հ. Նեւատա) յայտարարած է, թէ շարք մը այլ ծերակուտականներու »արդարանալի մտահոգութիւնը« կը բաժնէ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Էւընզը պաշտօնազրկելու հարցով:
Ծերակուտականը »անընդունելի« որակեց դեսպանին պաշտօնազրկումը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կապելու կառավարութեան որոշումը եւ աւելցուց, թէ ամերիկեան կառավարութեան արձանագրած ձախողութիւն մը պէտք է համարել այն իրողութիւնը, որ տակաւին ճանաչում չէ շնորհած Հայկական Ցեղասպանութեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց ծերակուտականին այս ելոյթը, Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանչնալուն համար դեսպանը պաշտօնազրկելու քայլը »անընդունելի« որակելով: