ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 29ին, Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին հաստատուեցաւ 2007ի պետական ամավարկի օրինագիծը (77 թեր, 3 դէմ, 6 ձեռնպահ):
Օրինագիծի վերջնական տարբերակով, եկամուտներու ընդհանուր գումարը 490.2 միլիառ դրամ է՝ նախնական տարբերակի 489.2 միլիառի փոխարէն, ծախսերու ընդհանուր գումարը՝ 558.7 միլիառ դրամ՝ նախնական 557.9 միլիառ դրամի փոխարէն:
Մինչ քուէարկութիւնը, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեան նշեց, որ կառավարութիւնը ԱԺ յանձնաժողովներէն, խմբակցութիւններէն եւ պատգամաւորներէն նախագիծի վերաբերեալ ստացած է 441 առաջարկ: Անոնցմէ 301ը ներկայացուցած են խմբակցութիւնները եւ խումբերը (ՀՀԿ, Հ.Յ.Դ., ՄԱԿ, Օրինաց երկիր, «Գործարար», «Ժողպատգամաւոր»), 37ը՝ յանձնաժողովները, 103ը՝ անհատ պատգամաւորները:
Առաջարկուած են յաւելեալ ծախսեր մշակութային, ընկերային ոլորտներուն մէջ՝ 11.6 միլիառ դրամ, տնտեսական ճիւղերուն մէջ՝ 13.7 միլիառ դրամ: Բացի այդ, առաջարկ եղած է պետական կառավարման բնագաւառի ծախսերը շուրջ 3.4 միլիառ դրամով կրճատել: Քննարկման արդիւնքով, կառավարութիւնը ընդունելի համարած է 110 առաջարկ, եւս 70 առաջարկի վերաբերեալ տրուած են պարզաբանումներ, մերժուած են 261 առաջարկներ:
Օրինագիծի հաստատումէն յետոյ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան նկատեց, որ լաւ ամավարկ հասկացութիւնը շատ յարաբերական է, քանի որ ամէն տարի նոր խնդիր կը դրուի. «Եթէ 2007 թուականի ամավարկը համեմատենք 2000ի ամավարկի հետ, տարբերութիւնը հսկայական է: Միաժամանակ՝ փոխուել են խնդիրները, երկրի տնտեսութեան իրավիճակը, ուստի ամէն տարուայ ամավարկը այդ տարուայ համար լաւագոյնն է եղել, եւ որքան առաջ գնանք, իւրաքանչիւր տարուայ ամավարկը նախորդ տարուանից լաւն է լինելու, բայց այդ տարուայ խնդիրները լուծելու համար՝ ոչ բաւարար», ըսաւ ան: