ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները Դեկտեմբեր 30ին՝ Ամանորի նախաշեմին, այցելեցին Եռաբլուրի պանթէոն, ուր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Ազգային ժողովի նախագահ Տիգրան Թորոսեան, վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան, բանակի բարձրաստիճան սպայական կազմը, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, տարածքային կառավարման նախարար Յովիկ Աբրահամեան, Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեան եւ շարք մը այլ պետական դէմքեր յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան պատերազմի նահատակներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին զօր. Անդրանիկի եւ Վազգէն Սարգսեանի շիրիմներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.