ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կէս միլիոն սթերլինկ պիտի յատկացնէ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրին՝ աջակցելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ տարածքներու ականազերծման աշխատանքներուն:
Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութենէն յայտնեցին, որ յատկացուած գումարին միջոցով պիտի իրականացուին կենսական կարեւորութիւն ունեցող վերապատրաստութիւններ, պիտի տրամադրուի փորձագիտական խորհրդատուութիւն՝ տարածքը աւելի ապահով դարձնելու, վիրաւորներ ունենալէ խուսափելու եւ կեանքեր փրկելու նպատակով:
«Մեծն Բրիտանիոյ այս ներդրումը թոյլ պիտի տայ օգտագործելու ՄԱԿի փորձառութիւնը, նուազեցնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական կեանքին սպառնացող վտանգները եւ օգնելու մարդոց՝ կառուցելու իրենց կեանքը», նշեց Մեծն Բրիտանիոյ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերու նախարար Ճէյմզ Քլեւերլին:
Ան կոչ ուղղեց Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ ստորագրելու հակահետեւակային ականներու արգիլման ՄԱԿի ուխտը:
44օրեայ պատերազմէն ետք, Մեծն Բրիտանիա 2021ին արդէն իսկ կէս միլիոն սթերլինկ յատկացուցած էր Արցախի մէջ եւ շրջակայքը ականազերծման աշխատանքներուն աջակցելու նպատակով: