ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան հետեւանքով աւելի քան շաբաթ մը յետաձգուած Լիբանանի կառավարութեան դէմ ծրագրուած բողոքի ցոյցերը պիտի սկսին այսօր, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1ին:
«Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Հինգշաբթի օր ըսաւ, թէ ընդդիմութիւնը կը մերժէ ներկայ կառավարութեան կողմէ կարգ մը հոսանքներու անտեսումն ու մեկուսացումը եւ աւելցուց. «Ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կը նշանակէ միակամ եւ ամբողջական ներկայացուցչութիւն վայելող կառավարութիւն»:
«Քաղաքական երկխօսութեամբ եւ խորհրդակցութիւններու ճամբով ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու բոլոր փորձերը ձախողութեան մատնուեցան՝ կառավարութեան կողմէ եղած մերժումին պատճառով։ Ազգային ուժերուն համար ժողովրդային շարժում կատարելէ բացի այլընտրանք չմնաց։ Բոլոր լիբանանցիները անխտիր հրաւիրուած են մասնակցելու ժողովրդային բողոքի ցոյցին, որ պիտի ըլլայ ժողովրդավար, խաղաղ, քաղաքակիրթ: Անոր միջոցով լիբանանցիները իրենց գաղափարներն ու պահանջները պիտի ներկայացնեն», շեշտեց Նասրալլա:
Տեղական ժամով Ուրբաթ, ժամը 3ին պիտի սկսի բաց նստացոյց մը կեդրոնական Պէյրութի մէջ:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցի ժողովուրդին խիտ շարքերով մասնակցելու ընդդիմութեան ուժերուն կազմակերպած ցոյցին՝ հիմնական երեք նպատակներու իրականացման համար. «Ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւն, բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն մասնակցութիւնը՝ կառավարութեան աշխատանքներուն եւ ընտրական նոր օրէնքի մշակում»: