ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- »Նուիրում Կոմիտասին« խտասկաւառակի (CD) թողարկումը նպատակ ունի ներկայացնելու հայկական երգարուեստը, մասնաւորապէս՝ կոմիտասեան երգերը, յատկապէս օտարազգի ունկնդիրին: Այս մասին նշեց աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան Հոկտեմբեր 3ին մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մէջ կազմակերպուած սկաւառակի շնորհահանդէսի ժամանակ:
Սկաւառակը կ’ընդգրկէ 26 հայկական եւ ինը գերմաներէն երգեր, որոնք կը ներկայացուին Յասմիկ Պապեանի կատարումով եւ հանրայայտ դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանի նուագակցութեամբ: Գերմաներէն երգերը Կոմիտասը ստեղծագործած է Պերլինի մէջ ուսանելու տարիներուն գերմանացի հանրայայտ բանաստեղծներու սետղծագործութիւններով, որոնք կը ներկայացուին առաջին անգամ: »Մեր նպատակն է նաեւ ներկայացնել մեծ երգահանի ոչ թէ տառապած եւ տխուր երգերը, այլ արեւմտեան եւ արեւելեան երաժշտական աւանդոյթները համատեղ«, յայտնեց երգչուհին եւ նշեց, որ այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները տեւած են երեք տարի: Բարձրորակ սկաւառակին կցուած է նաեւ գրքոյկ՝ կազմուած Սորպոնի համալսարանի դասախօս Քլոտ Մութաֆեանի կողմէ: Գրքոյկին մէջ երգերու հայերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն տարբերակներէն բացի ներկայացուած է նաեւ Կոմիտասի կեանքը եւ գործունէութիւնը ներկայացնող ամբողջական տեղեկատուութիւն: Յ. Պապեանը նշեց, որ »Նուիրում Կոմիտասին« սկաւառակը 2005 թուականին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ իր եւ Վ. Մամիկոնեանի՝ հայ ունկնդիրի դատին ներկայացուած կոմիտասեան կատարումների ամփոփումն է: